մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

գարունը

գարուն եկաւ, մեզի բերաւ, ծիլ ու ծաղիկ․ երգեց ծիտիկ․ ծի՜ւ ծի՜ւ, ծի՛կ ծի՛կ․ եկո՛ւր գարուն, եկո՛ւր եւ բե՛ր շա՜տ ծաղիկներ․ կարմիր կակաչ, շուշան մեխակ, վարդ մանուշակ․ կը բուրէ՜, կը բուրէ՜, լա՜ւ հոտոտէ եւ գուշակէ՛․ բոյնին մէջ ծիտիկը, թաղարին մէջ ծաղիկը․

սազը եւ նազը

մա՛զ, մա՛զ, երկա՜ր մազ, նունիկը ունի երկա՜ր մազ․ սա՛զ, սա՛զ, երկա՜ր սազ, արամիկը ունի երկա՜ր սազ․ նա՜զ, նա՜զ, նա՜զ պար, նունիկը կը պարէ նա՜զ պար․ սա՛զ, սա՛զ, ո՞ւր է սազ, արամիկը չունի երկա՜ր սազ․ մա՛զ, մա՛զ, ո՞ւր է մազ, նունիկը չունի երկա՜ր մազ․ նազպար առանց տարազի՞․

ձուկը

ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, իշխանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, օձաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, ձիաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, շանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ քանի՞ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ հազար ձուկ․

հաւնոցը

պապուկը ունի հաւնոց մը․ հաւնոցին մէջ, պապուկը ունի տասը հաւ․ մէկ հաւէն տասը հաւկիթ․ տասը հաւէն քանի՞ հաւկիթ… համրեցի՜, համրեցի՜, մատիկովս համրեցի՜․ հարիւր հաւկիթ համրեցի, պապուկին հաւնոցին տասը հաւերուն տակ․ ինչո՞ւ հարիւր․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ հազա՛ր․ ինչո՞ւ հազար․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ միլիո՛ն․ հաւկիթէ՞ն հաւ, թէ հաւէն հաւկիթ․ մէկ հաւկիթ, տասը հաւկիթ, հարիւր հաւկիթ, […]