մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Աստղիկը դպրոցական մըն է։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ընկերուհիները իրմէ աւելի մեծ կ՚երեւին։ Ինք եւս պէտք է մեծնայ շուտով։ «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքը ընթերցողին կը հրամցնէ պատանի դպրոցականի մը առօրեայ արկածախնդրութիւնները եւ իր գտած հնարամիտ լուծումները։ Գիրքը արժանացած է 2021-ի Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակին։

Տարոսիկ

Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։ Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մը, Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։ Տարոսիկ գիրքը թերթելով եւ խտասալիկը […]

Րուրի

Րուրի խտասալիկը իր ութ օրօրներով ունկնդիրները կը հրաւիրէ լոյսերը թեթեւցնելու եւ անցնելու այս մեղեդիներուն գիրկը։ Ժողովրդական օրօրները թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ երեխաներուն համար պիտի ըլլան փրկութիւն առօրեայ աղմուկէն եւ տաղտուկէն։ Օրօրները կու գան զանազան վայրերէ՝ Ակն, Արմտան, Էվերեկ, Բինկէն, եւ այլ գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ուրեմն իրենց հետ նաեւ այս վայրերուն բարբառները կու գան 21-րդ դար […]

Մետաղէ երազներ

Երիտասարդներ, երազներ եւ մետաղէ երազներ։ Կրնա՞յ մարդ իր երազէն աւելի գերադասել որեւէ բան։ Հապա՞ եթէ երազները չիրականանալու վախը մտնէ մարդուն մէջ։ Կ՚ուզես փախուստ տալ ամէն ինչէն։ Ամբողջ ամառ մը կը բանտարկուիս սենեակիդ մէջ։ Անձնասպանութեան կրնա՞յ հասցնել։ Ընկերները կը մնան սակայն…։ «Ամէն ինչ օքէյ պիտի ըլլայ, կը յաղթահարենք ասիկա, դուն միայն վստահէ՛ ինծի»։

Սեռականութեան պատմութիւն

Հայերէն լեզուով առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Ֆրանսացի յայտնի փիլիսոփայ եւ պատմագէտ Միշէլ Ֆուկոյի «Սեռականութեան պատմութիւն» հանրածանօթ գործին առաջին հատորը (Իմացութեան կամեցողութիւնը, 1976-ին հրատարակուած), Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ «Յաւելուած»-ով մը թարգմանաբար տրուած են նաեւ նոյն տարին կատարուած հարցազրոյց մը Ֆուկոյին հետ, եւ «Սեռականութեան պատմութիւն» շարքին յաջորդ հատորներուն համար նախատեսուած յառաջաբան մը։ Հատորը թարգմանիչին […]

Թէ ինչպէս…

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց […]

Նշանս

Հրաչին սրունքին վրայ ծննդեան նշան մը կայ։ Ան բնա՛ւ չի սիրեր իր այս վարդագոյն նշանը, նոյնիսկ կ՚ատէ՛ զայն։ Եւ հակառակ զայն թաքցնելու իր բոլոր ճիգերուն՝ նշանը անհետանալու միտք չունի։ Եւ Հրաչը ընկերները տպաւորելու համար իր նշանին կախարդական ծագումին մասին պատմութիւններ կը յօրինէ… բայց բան չի փոխուիր, ան տակաւին նոյնքան կ՚ատէ իր նշանը։ Յանկարծ օր մը […]

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան

Կարօն, Լէօն, Հեղինէն, Այլինը, Պետիկը եւ միւս աղջիկները եւ տղաքը։ Բոլորն ալ կ՚ապրին այս քաղաքին մէջ, բոլորն ալ երազներ ունին, կը հաւատան իրենց երազներուն։ Երազները կը կորսուի՞ն։ Հապա՞ եթէ մեռնին անոնց հաւատացած սուփըր հերոսները։ Եօթը պատմուածք մանկութեան, բայց աւելի ճիշդ՝ կորսուած մանկութեան մասին։

Այն օրը, երբ…

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր…։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ […]