Գայլախաղ
Ես կը խաղամ անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Դուն կը խաղաս անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… Գայլը` – Գլո΄ւխս արդուկեցիք… Յոգնեցայ աս խաղէն…
Չղջիկը
Մուկերուն թագաւորը տուրք կը հաւաքէր… Ամեն մէկ մուկ վճարած էր, միայն չղջիկը վճարած չէր… Մուկերուն թագաւորը կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը թեւերը ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – Ո՞վ տեսած է թեւերով մուկ… Չէ, չէ, մուկ չեմ, թռչո՛ւն եմ, ինչո՞ւ տուրք վճարեմ… Թռչուններուն թագաւորը անմիջապէս կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը ակռաները ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – […]
Գաղտնիքներ
Լարե՜ր՝ ելեկտրակա՛ն լարեր, լարերուն մէջէն կը հոսին գաղտնիքնե՜ր… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարին թառեցաւ ու բոլո՜ր գաղտնիքները ուշի ուշով մտիկ ըրաւ… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարէն թըռ թռա՜ւ ու բոլոր գաղտնիքները ճնճղուկներուն ըսաւ… Լուսաբացին, ճիւ ճիւ ճնճղուկները բոլո՜ր գաղտնիքները պատմեցին բոլորի՜ն… Եթէ լուսաբացին՝ գլուխդ տակաւին բարձին, ճիւ ճիւ ճնճղուկներուն ականջ տաս, այս աշխարհին բոլո՜ր գաղտնիքները կը գիտնաս…
Չորս ծակով չորս կոճակ
Տաբատս ունի չորս կոճակ, իսկ ամեն մէկ կոճակը ունի չորս ծակ… Չորս ծակով չորս կոճակ, գումարը՝ քանի՞ ծակ… Համրէ՜, մէկ երկու երեք չորս… Հաշուէ՜, չորս եւ չորս, չորս եւ չորս, գումարը՝ չորս հատ չորս… Սեղանին վրայ չորս պնակ, իսկ ամեն մէկ պնակին մէջ չորս կարկանդակ… Չորս կարկանդակով չորս պնակ, գումարը՝ քանի՞ կարկանդակ… Համրէ՜, մէկ երկու […]
Խատուտիկ
Խատուտիկ՝ ոսկի ծաղիկ, պիտի դառնաս փմփուլիկ… Խատուտիկ՝ ոսկի ծաղիկ, պիտի դառնաս փափուկ փմփուլիկ… Փափուկ փմփուլիկ, փրցնեմ ու փչե՜մ, աջ, ձախ, վեր, վար, փո՛ւֆ փչեմ, թռցնե՜մ… Խատուտիկ՝ ոսկի ծաղիկ, պիտի դառնաս փմփուլիկ… Խատուտիկ՝ ոսկի ծաղիկ, պիտի դառնաս փափուկ փմփուլիկ… Խատուտիկ՝ ոսկի ծաղիկ, պիտի դառնաս փո՛ւֆ, փո՛ւֆ, հազար խաղիկ փափուլիկ…
Հիւրին համար դուռը բաց
Նոյնիսկ եթէ՝ հին պնակ, ծուռ դգալ, հիւրին համար մեր դուռը միշտ բաց… Նոյնիսկ եթէ՝ թթու թան, չոր հաց, հիւրին համար մեր դուռը միշտ բաց… Հին պնակ, ծուռ դգալ, թթու թան, չոր հաց, հիւրին համար մեր դուռը միշտ բաց, հիւրին հետ պէտք է կիսել աղ ու հաց… Ասոր կ՚ըսեն նիստ ու կաց…
Ո՞վ է թացը
Անձրեւ է, անձրեւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… Հոգս չէ, հոգս չէ, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… Մուկը ծակը, ձուկը ծովը, ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձուկը, ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Մուկը, մուկը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձուկը, ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Մուկը, մուկը… Հապչի՛… Շուշիկը… Հապչի՛… Նուշիկը… Հապչի՛… Աաաա՜… թաշկինակը… թաշկինակը… յ․գ․ Խաղիկը […]
Խորովածը
Շամփուրը… Միսը սոխը, միսը սոխը, միսը սոխը, լոլիկը… Միսը սոխը, միսը սոխը, միսը սոխը, պղպեղը… Ածուխը… Ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, խորովածը… Ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, մոխիրը… Վա՛յ, ո՞ւր է խորովածը… Փորիկիս մէջը… յ․գ․ Խաղալ կրկնելով խաղիկը, իսկ երբ կը հասնի վերջին տողը, պէտք է տալ երեխայի մը անունը՝ Շուշիկին փորիկին մէջը… […]
Ծովէն հովէն ծովահէն
Ծովէն, հովէն, ծովահէն… Ծովէն, հովէն, ծովահէն… Սեւ մօրուք ծովահէն, ճերմակ մօրուք ծովահէն, հեռուներէ՜ն, հսկայ նաւէն կը կանչեն՝ Մարգարիտ, ադամանդ, ոսկի, մարջան, ապարանջան… Ծովէն, հովէն, ծովահէն… Ծովէն, հովէն, ծովահէն… Ծովէն, հովէն, ծովահէն… Սե՛փ սեւ մօրուք ծովահէն, ճերմակ մօրուք ծովահէն, անմօրուք ծովահէն, հեռուներէ՜ն, հսկայ նաւէն կը կանչեն՝ Մարգարիտ, ադամանդ, ոսկի, մարջան, ապարանջան… – Կը բաւէ ցատկես անկողինին […]
Քիթը թոքը
Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Լեռը, ձորը, անտառները, ներշնչէ՜ թթուածինը… Լեռը, ձորը, անտառները, արտաշնչէ ածխաթթուն… Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Հովը, ծովը, ալիքները, ներշնչէ՜ թթուածինը… Հովը, ծովը, ալիքները, արտաշնչէ ածխաթթուն… Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Քիթը թոքը, մաքուր օդը… Քիթը թոքը, թոքը քիթը… Քիթը թոքը, մա՛ս մաքուր թոքերը…