մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

արեւ անձրեւ

արե՛ւ արե՛ւ, դեղի՛ն արեւ… դեղի՛ն արեւ, ոսկի՛ բարեւ… անձրե՛ւ անձրե՛ւ, ամպ ու անձրեւ… ամպ ու անձրեւ, թա՛փ թաց բարեւ՝ հա՜, հաաֵ՜, հաաա՜, հապչի՜…

բաց աչուկ, գոց աչուկ

աչուկները բա՛ց… արեւը արթո՛ւն, իսկ դո՞ւն… աչուկները գո՛ց… արեւը անո՜ւշ քուն, իսկ դո՞ւն… քո՞ւն թէ արթուն…

աստղ եւ լուսին

աստղ աստղիկ, փայլո՛ւն աստղիկ, փա՛ս փայլուն աստղիկ… փա՛ս փայլուն աստղիկ եւ լուսին մի՛շտ միասին… լուսի՛ն, լուսի՛ն, լուսի՛ն ե՜ւ… չի՛կ, չկա՛յ լուսին… փա՛ս փայլուն աստղիկ առանձին…

ունի չունի

կլորիկ մլորիկ գլո՛ւխ ունի… գլո՛ւխ ունի, աչո՛ւկ չունի… աչո՛ւկ ունի, քի՛թ չունի… քի՛թ ունի, բերա՛ն չունի… բերա՛ն ունի, ակա՛նջ չունի… ակա՛նջ ունի, մա՛զ չունի… յօնք եւ թարթիչ, կա՛րճ կա՛րճ մազեր… յօնք եւ թարթիչ, երկա՜ր մազեր, ժապաւէններ… կարմի՛ր ժապաւէն, դեղի՛ն ժապաւէն, կանա՛նչ ժապաւէն, կապո՛յտ ժապաւէն…

երկու տարեկան

կարմրուկ կարմրուկ այտիկներ, կարմիր կարմիր խնձորներ… կարմրուկ այտիկնե՞րը ուտեմ… ո՜չ… ո՜չ… կարմիր խնձորները… կարկանդակ, կարկանդակ, վրան ելակ եւ պիստակ… տարեդարձ է այսօր, ո՞վ երկու տարեկան է այսօր…

խնձոր, սխտոր

սոխ ու սխտո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, տա՛նձ ու խնձոր… տանձ ու խնձո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, սո՛խ ու սխտոր… մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, երեք հատ տանձ, երեք հատ խնձոր… մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, […]

սիրուն աշուն

հովանոցը բա՛ց, հովանոցը գո՛ց, կ՚ուզեմ երթալ դպրո՛ց… անձրե՛ւ է, անձրե՛ւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… հոգս չէ՛, հոգս չէ՛, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… կարմիր, դեղին եւ կանանչ… կանանչ, դեղին եւ կարմիր… աշուն է, աշո՜ւն, սիրուն է, սիրո՜ւն…

գրպանիս մէջ

գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը չամիչ, քի՛չ է, քի՛չ… գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը տասը, տասը չամիչ, յետոյ ի՞նչ… գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը տասը, տասը չամիչ, մէկ […]

տունը, ծուխը, ապուրը

ծաղիկ է, գարո՜ւն է… խնձոր է, ամա՛ռ է… կարմիր, դեղին տերեւ է, աշո՜ւն է… ծաղիկ չկա՛յ, խնձոր չկա՛յ, տերեւ չկա՛յ, ծիտիկ չկա՛յ, ձմե՜ռ է… մէկ երկու, մշի՜կ մշիկ կը քնանաս, երեք չորս, կուկուլիկո՜ւ կ՚արթննաս, հինգ վեց, դուռը կը բանաս, եօթը ութը, ո՞ւր կ՚երթաս, ինը տասը, դպրո՜ց… տունը, նո՛յնը, միեւնո՛յնը… տունը, նոյնը, միեւնո՞յնը… ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, […]

ցաւը եւ բժիշկը

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր բժիշկ մը… կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր ե՜ւ… խոշոր քիթով բժիշկ մը… կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր, խոշոր քիթով եւ գանգուր մազով բժիշկ […]