զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    09/07/16 — 17/07/16
    09/07/16 — 17/07/16

    Արեւմտահայերէնի ամառնային ուսուցչական աշխատանոց՝ յաջորդ քայլերը

    «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 9էն 17ը աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնով աշխատող 41 ուսուցիչներու եւ ստեղծագործողներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին ինը երկիրներէ միասնաբար լեզուի իւրացման գործիքներ զարգացնելու համար։ Խումբին մաս կը կազմէին դաստիարակներ, ուսումնականներ, գրողներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, դերասաններ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ։ Մասնակիցները բաժնուած էին եօթը խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ աշխատեցաւ արեւմտահայերէնի վերանորոգման վերաբերող մարտահրաւէրներու շօշափելի լուծումներ գտնելու համար։ Այդ աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ եօթը ծրագրային նախաձեռնութիւններ մշակուեցան, որոնք ուղղակի կերպով պիտի նպաստեն արեւմտահայերէնի ուսուցման, արդիական եւ նորարար միջոցներով։ Սոյն նախաձեռնութիւններն են՝   - 1. Աշակերտներու ամառնային ճամբարի մը միացած՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ տարին անգամ մը։ Աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, մէկը միւսէն սորվելով, միասնաբար պիտի զարգացնեն հայերէնի իւրացման լաւագոյն կերպերը, որոնք այնուհետեւ լայնօրէն պիտի տարածուին։ - 2. Դասարանային եւ արտադասարանային պայմաններու համար նախատեսուած գործիքներու եւ ուսումնական ծրագրերու զարգացումը, որ պիտի կեդրոնանայ ընթերցումի եւ գրութեան ժամանակակից մեթոտաբանութիւններու վրայ, ի հարկէ՝ արեւմտահայերէնի կարիքներուն յարմարցուած։   - 3. Տնօրէններու եւ կրթական ղեկավարներու հաւաքի մը կազմակերպումը, ուր դպրոցական մշակոյթի, ուսումնական ծրագրի բարեփոխման եւ այլ յարակից խնդիրներ պիտի քննարկուին եւ լաւագոյն կիրառումները պիտի փոխանցուին։ - 4. Մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած յատուկ խաղերու ստեղծումն ու յարմարեցումը, միշտ կապուած հաղորդակցութեան համացանցային հարթակներուն, լեզուի իւրացումն ու գործածութիւնը զօրացնելու միտումով։ - 5. Երգ ու լեզու իրարու կապող երաժշտական աշխատանք մը, որ պիտի ընդգրկէ նոր երգերու յօրինումը, արդէն իսկ շրջագայութեան մէջ եղող երգերու նոր ձայնագրութիւնը, եւ ուսուցումի երաժշտական այլ եղանակներ։ - 6. Արեւմտահայերէն մանկական գիրքերու հրատարակութիւն, թարգմանուած՝ հետեւեալ լեզուներէն. անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, արաբերէն, գերմաներէն, ճափոներէն, չինարէն, հոլանտերէն, եբրայերէն, պարսկերէն, իտալերէն, լեհերէն եւ շուէտերէն։ Գիրքերը տարիքային տարբեր խումբերու ուղղուած պիտի ըլլան։ Նպատակը 60 գիրքերու հրատարակութիւնն է երեք տարուայ ընթացքին։   - 7. Կայքէջի մը հաստատումը, որուն միջոցաւ վերոյիշեալ տեղեկութիւններն ու գործիքները մատչելի պիտի դառնան, աշխարհի երեսին ցրուած շահագրգիռ անձերը իրարու կապելով։ Այս նախագիծերուն զարգացումն ու գործադրութիւնը ձեռք պիտի բերուին Յուլիս 2016ի կրթական աշխատանոցի մասնակիցներուն եւ հրաւիրեալ այլ փորձագէտներու կողմէ։   Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները զարգացնելու կողքին, աշխատանոցը խմբական նշանակալից ուժականութեան մը հիմքը հանդիսացաւ։ Ստեղծագործական ոգի ու գործնական արդիւնք կողք կողքի կ՚ընթանային։ «Ի՛նչ գեղեցիկ միջոցառում», կ՚ըսէր մասնակիցներէն մէկը եզրափակիչ նիստի ընթացքին, ակնարկելով ստեղծուած խանդավառութեան։ Յափշտակիչ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս աշխարհագրական ու սերնդային առումով բազմազան խումբ մը, որ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր ու տարբեր մօտեցումներու վարժ անձերէ կազմուած էր, համատեղ աշխատեցաւ (ու յանձն առաւ շարունակել աշխատանքը) արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ի խնդիր։ Այս նախաձեռնութիւնները պիտի զարգացուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն։ «Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը խանդավառութեամբ կ՚աջակցի նման նախաձեռնութիւններու» յայտարարեց բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան, աւելցնելով. «Այս աշխատանոցը հնարաւորութիւնն ունի իսկական ներգործութիւն ունենալու արեւմտահայերէնի դասաւանդման եւ իւրացման ձեւերուն վրայ, շնորհիւ մասնակիցներու յանձնառութեան եւ անոնց արտադրելիք նիւթերուն»։ Ամառնային աշխատանոցը կազմակերպուած ու համադրուած էր բաժանմունքի արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեանի կողմէ, Անի Գուլեանի աջակցութեամբ։ Աշխատանոցի մասնակիցներն էին Մելինէ Ղազարեան, Անուշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Սօսէ Մնակեան, Յասմիկ Շահինեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Անահիտ Սարգիսեան, Անահիտ Տօնապետեան, Մարալ Քերովբեան, Շուշան Քերովբեան (Ֆրանսա), Շողեր Մարկոսեան, Ժանէթ Յովհաննիսեան (Պելճիքա), Մարալ Քիւրքճեան (Յունաստան), Վահան Քերովբեան (Փորթուկալ), Նէլլի Գոմոլեան, Յակոբ Եագուպեան, Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տեմիրճեան, Թալին Օրտողլեան (Լիբանան), Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, Նարոտ Գուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հերկել-Էօզտաղ, Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիմենճեան (Թուրքիա), Շուշան Կարապետեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Սիլվա Մեսրոպեան, Սանան Շիրինեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Քրիս Պետեան, Վահէ Պէրպէրեան (ԱՄՆ), Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան (Գանատա), Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Սեւանա Չագրեան, Գեւորգ Փալանջեան (Հայաստան)։   Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին ընթացիկ աշխատանքին՝ արեւմտահայերէնի վերանորոգման ի խնդիր։ Բխած է բաժանմունքին աջակցութեամբ Սեպտեմբեր 2015ին Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին (INALCO) մէջ տեղի ունեցած  «Նորարարութիւն կրթութեան մէջ. արեւմտահայերէնի ուսուցման մարտահրաւէրները 21րդ դարուն» գիտաժողովէն։

    «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 9էն 17ը աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնով աշխատող 41 ուսուցիչներու եւ ստեղծագործողներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին ինը երկիրներէ միասնաբար լեզուի իւրացման գործիքներ զարգացնելու համար։

    Խումբին մաս կը կազմէին դաստիարակներ, ուսումնականներ, գրողներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, դերասաններ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ։ Մասնակիցները բաժնուած էին եօթը խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ աշխատեցաւ արեւմտահայերէնի վերանորոգման վերաբերող մարտահրաւէրներու շօշափելի լուծումներ գտնելու համար։ Այդ աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ եօթը ծրագրային նախաձեռնութիւններ մշակուեցան, որոնք ուղղակի կերպով պիտի նպաստեն արեւմտահայերէնի ուսուցման, արդիական եւ նորարար միջոցներով։

    Սոյն նախաձեռնութիւններն են՝  

      1. Աշակերտներու ամառնային ճամբարի մը միացած՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ տարին անգամ մը։ Աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, մէկը միւսէն սորվելով, միասնաբար պիտի զարգացնեն հայերէնի իւրացման լաւագոյն կերպերը, որոնք այնուհետեւ լայնօրէն պիտի տարածուին։
      1. Դասարանային եւ արտադասարանային պայմաններու համար նախատեսուած գործիքներու եւ ուսումնական ծրագրերու զարգացումը, որ պիտի կեդրոնանայ ընթերցումի եւ գրութեան ժամանակակից մեթոտաբանութիւններու վրայ, ի հարկէ՝ արեւմտահայերէնի կարիքներուն յարմարցուած։  
      1. Տնօրէններու եւ կրթական ղեկավարներու հաւաքի մը կազմակերպումը, ուր դպրոցական մշակոյթի, ուսումնական ծրագրի բարեփոխման եւ այլ յարակից խնդիրներ պիտի քննարկուին եւ լաւագոյն կիրառումները պիտի փոխանցուին։
      1. Մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած յատուկ խաղերու ստեղծումն ու յարմարեցումը, միշտ կապուած հաղորդակցութեան համացանցային հարթակներուն, լեզուի իւրացումն ու գործածութիւնը զօրացնելու միտումով։
      1. Երգ ու լեզու իրարու կապող երաժշտական աշխատանք մը, որ պիտի ընդգրկէ նոր երգերու յօրինումը, արդէն իսկ շրջագայութեան մէջ եղող երգերու նոր ձայնագրութիւնը, եւ ուսուցումի երաժշտական այլ եղանակներ։
      1. Արեւմտահայերէն մանկական գիրքերու հրատարակութիւն, թարգմանուած՝ հետեւեալ լեզուներէն. անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, արաբերէն, գերմաներէն, ճափոներէն, չինարէն, հոլանտերէն, եբրայերէն, պարսկերէն, իտալերէն, լեհերէն եւ շուէտերէն։ Գիրքերը տարիքային տարբեր խումբերու ուղղուած պիտի ըլլան։ Նպատակը 60 գիրքերու հրատարակութիւնն է երեք տարուայ ընթացքին։  
      1. Կայքէջի մը հաստատումը, որուն միջոցաւ վերոյիշեալ տեղեկութիւններն ու գործիքները մատչելի պիտի դառնան, աշխարհի երեսին ցրուած շահագրգիռ անձերը իրարու կապելով։

    Այս նախագիծերուն զարգացումն ու գործադրութիւնը ձեռք պիտի բերուին Յուլիս 2016ի կրթական աշխատանոցի մասնակիցներուն եւ հրաւիրեալ այլ փորձագէտներու կողմէ։  

    Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները զարգացնելու կողքին, աշխատանոցը խմբական նշանակալից ուժականութեան մը հիմքը հանդիսացաւ։ Ստեղծագործական ոգի ու գործնական արդիւնք կողք կողքի կ՚ընթանային։ «Ի՛նչ գեղեցիկ միջոցառում», կ՚ըսէր մասնակիցներէն մէկը եզրափակիչ նիստի ընթացքին, ակնարկելով ստեղծուած խանդավառութեան։ Յափշտակիչ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս աշխարհագրական ու սերնդային առումով բազմազան խումբ մը, որ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր ու տարբեր մօտեցումներու վարժ անձերէ կազմուած էր, համատեղ աշխատեցաւ (ու յանձն առաւ շարունակել աշխատանքը) արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ի խնդիր։

    Այս նախաձեռնութիւնները պիտի զարգացուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն։ «Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը խանդավառութեամբ կ՚աջակցի նման նախաձեռնութիւններու» յայտարարեց բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան, աւելցնելով. «Այս աշխատանոցը հնարաւորութիւնն ունի իսկական ներգործութիւն ունենալու արեւմտահայերէնի դասաւանդման եւ իւրացման ձեւերուն վրայ, շնորհիւ մասնակիցներու յանձնառութեան եւ անոնց արտադրելիք նիւթերուն»։
    Ամառնային աշխատանոցը կազմակերպուած ու համադրուած էր բաժանմունքի արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեանի կողմէ, Անի Գուլեանի աջակցութեամբ։ Աշխատանոցի մասնակիցներն էին Մելինէ Ղազարեան, Անուշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Սօսէ Մնակեան, Յասմիկ Շահինեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Անահիտ Սարգիսեան, Անահիտ Տօնապետեան, Մարալ Քերովբեան, Շուշան Քերովբեան (Ֆրանսա), Շողեր Մարկոսեան, Ժանէթ Յովհաննիսեան (Պելճիքա), Մարալ Քիւրքճեան (Յունաստան), Վահան Քերովբեան (Փորթուկալ), Նէլլի Գոմոլեան, Յակոբ Եագուպեան, Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տեմիրճեան, Թալին Օրտողլեան (Լիբանան), Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, Նարոտ Գուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հերկել-Էօզտաղ, Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիմենճեան (Թուրքիա), Շուշան Կարապետեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Սիլվա Մեսրոպեան, Սանան Շիրինեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Քրիս Պետեան, Վահէ Պէրպէրեան (ԱՄՆ), Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան (Գանատա), Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Սեւանա Չագրեան, Գեւորգ Փալանջեան (Հայաստան)։
     
    Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին ընթացիկ աշխատանքին՝ արեւմտահայերէնի վերանորոգման ի խնդիր։ Բխած է բաժանմունքին աջակցութեամբ Սեպտեմբեր 2015ին Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին (INALCO) մէջ տեղի ունեցած  «Նորարարութիւն կրթութեան մէջ. արեւմտահայերէնի ուսուցման մարտահրաւէրները 21րդ դարուն» գիտաժողովէն։