զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    24/05/22 — 30/05/22
    24/05/22 — 30/05/22

    Եւրոպայի ամէնօրեայ վարժարաններու միջեւ նորարար մօտեցումներու փոխանակման Ա. աշխատանոց

    Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրները գործադրող Եւրոպայի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն միջեւ նորարար մօտե­ցումներու փոխանակում մը իրականացնելու նպատակով հաւաք-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մէջ, 2022ի Մայիս 24-էն 30։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի մօտ, Քոքինիա քաղաքի Զաւարեան ազգային վարժարանին մէջ, հիւրասիրութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի եւ իր անձնակազմին։ Հանդիպումի մասնակիցներէն եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» դպրոցի տնօրէնուհի Նորա Սարաֆեան Թաշճեան կ՚ըսէ՝ «Վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր. տեղի ուսուցչական կազմը, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը գործադրէ ծրագիր մը, որուն արդիւնքը ակներեւ է: Մանկական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, մանկավարժ Անահիտ Սարգիսեանի մանկապարտէզի ծրագիրը, լեզուաբան եւ մանկավարժ Անի Կարմիրեանի տառաճանաչումի ուսուցման նոր մեթոտի գործադրութիւնը յաջողած են շնչող եւ կենդանի աշխարհ մը ստեղծել վարժարանէն ներս, ուր կը տիրէ բացարձակ համերաշխ եւ ներդաշնակ մթնոլորտ` յարգանքով եւ գործակցութեամբ զօդուած, աշակերտակեդրոն մեթոտաբանութեամբ եւ թուային ստեղծարար արհեստագիտութեամբ արտայայտուած:» (Ազդակ, 7 Սեպտեմբեր 2022)։ Հանդիպումին մասնակցեցան մօտ 24 ուսուցիչներ։ Յունաստանէն մաս կազմեցին՝ Անի Աբիկեան, Անուշ Ֆենտեան, Արաքսի Միքայէլեան, Թամար Պետոյեան, Հայկանուշ Մինասեան (Զաւարեան վարժարան, Քոքինիա), Աննա Սաֆարեան, Բաբգէն Գասապեան, Վիքթորիա Մաղաքեան, (Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան, Աթէնք), իսկ Ֆրանսայէն՝ Գայիանէ Ապաճեան, Թամար Իշճի Քոնճա, Լոռի Սարգիսեան, Մարիլին Պասմաճեան, Քնար Մանուկեան Թիքիճեան (Համազգային Ճեմարան, Մարսէյլ), Անի Գալտիլի, Նորա Սարաֆեան Թաշճեան, Սեւան Նազարեան, Սիրան Սվաճեան, Սօսի Պալատեան, (Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարան,Ալֆորվիլ), Արեգնազ Մանոք, Թամար Փանոսեան Ճումպուշեան (Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան, Իսի Լէ Մուլինօ), Մակի Զախթէրեան (Մարգարեան-Փափազեան վարժարան, Լիոն)։ Աշխատանոցին հրաւիրուած էին նաեւ մանկավարժ եւ արուեստագէտ՝ Անահիտ Սարգիսեան (Փարիզ), Արեւմտեան Ամերիկայի Ուսումնական Խորհուրդի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի Վարիչ Տնօրէն Թամար Թիւֆէնքճեան (Լոս Անճըլըս)։ Հանդիպման պատասխանատուն էր Անի Կարմիրեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունք, Լիզպոն)։ Ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ աշխատանոցներ, Հիմնարկութեան արեւմտա­հայերէնի ծրագիրներու համակարգող՝ Անի Կարմիրեանի ուղեկցութեամբ։

    Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրները գործադրող Եւրոպայի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն միջեւ նորարար մօտե­ցումներու փոխանակում մը իրականացնելու նպատակով հաւաք-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մէջ, 2022ի Մայիս 24-էն 30։

    Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի մօտ, Քոքինիա քաղաքի Զաւարեան ազգային վարժարանին մէջ, հիւրասիրութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի եւ իր անձնակազմին։

    Հանդիպումի մասնակիցներէն եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» դպրոցի տնօրէնուհի Նորա Սարաֆեան Թաշճեան կ՚ըսէ՝ «Վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր. տեղի ուսուցչական կազմը, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը գործադրէ ծրագիր մը, որուն արդիւնքը ակներեւ է: Մանկական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, մանկավարժ Անահիտ Սարգիսեանի մանկապարտէզի ծրագիրը, լեզուաբան եւ մանկավարժ Անի Կարմիրեանի տառաճանաչումի ուսուցման նոր մեթոտի գործադրութիւնը յաջողած են շնչող եւ կենդանի աշխարհ մը ստեղծել վարժարանէն ներս, ուր կը տիրէ բացարձակ համերաշխ եւ ներդաշնակ մթնոլորտ` յարգանքով եւ գործակցութեամբ զօդուած, աշակերտակեդրոն մեթոտաբանութեամբ եւ թուային ստեղծարար արհեստագիտութեամբ արտայայտուած:» (Ազդակ, 7 Սեպտեմբեր 2022)։

    Հանդիպումին մասնակցեցան մօտ 24 ուսուցիչներ։ Յունաստանէն մաս կազմեցին՝ Անի Աբիկեան, Անուշ Ֆենտեան, Արաքսի Միքայէլեան, Թամար Պետոյեան, Հայկանուշ Մինասեան (Զաւարեան վարժարան, Քոքինիա), Աննա Սաֆարեան, Բաբգէն Գասապեան, Վիքթորիա Մաղաքեան, (Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան, Աթէնք), իսկ Ֆրանսայէն՝ Գայիանէ Ապաճեան, Թամար Իշճի Քոնճա, Լոռի Սարգիսեան, Մարիլին Պասմաճեան, Քնար Մանուկեան Թիքիճեան (Համազգային Ճեմարան, Մարսէյլ), Անի Գալտիլի, Նորա Սարաֆեան Թաշճեան, Սեւան Նազարեան, Սիրան Սվաճեան, Սօսի Պալատեան, (Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարան,Ալֆորվիլ), Արեգնազ Մանոք, Թամար Փանոսեան Ճումպուշեան (Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան, Իսի Լէ Մուլինօ), Մակի Զախթէրեան (Մարգարեան-Փափազեան վարժարան, Լիոն)։ Աշխատանոցին հրաւիրուած էին նաեւ մանկավարժ եւ արուեստագէտ՝ Անահիտ Սարգիսեան (Փարիզ), Արեւմտեան Ամերիկայի Ուսումնական Խորհուրդի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի Վարիչ Տնօրէն Թամար Թիւֆէնքճեան (Լոս Անճըլըս)։ Հանդիպման պատասխանատուն էր Անի Կարմիրեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունք, Լիզպոն)։

    Ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ աշխատանոցներ, Հիմնարկութեան արեւմտա­հայերէնի ծրագիրներու համակարգող՝ Անի Կարմիրեանի ուղեկցութեամբ։