զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Յասմիկ Շահինեան
    Նկարազարդող՝ Տաւիտ Փինթոր
    Էջերու քանակ՝ 72
    Հրատարակիչ՝ Քոթոթ
    Հրատարակութեան թուական` 2014

    Այն օրը, երբ...
    Մանկապատանեկան վիպակ
    *«Ես համոզուա՛ծ եմ, որ ինծի համար լաւագոյն արհեստը գտած եմ։ Նաեւ վստահ եմ՝ մէյ մը որ այս մասնագիտութիւնը ստեղծեմ, ինձմէ զատ շա՜տ-շատեր այս գործով

    «Ես համոզուա՛ծ եմ, որ ինծի համար լաւագոյն արհեստը գտած եմ։ Նաեւ վստահ եմ՝ մէյ մը որ այս մասնագիտութիւնը ստեղծեմ, ինձմէ զատ շա՜տ-շատեր այս գործով պիտի հետաքրքրուին. եւ այն ատեն կրնանք մի-քանի հոգիով երեկոներ կազմակերպել։ Կրնանք նաեւ անուն մը տալ այդ երեկոներուն. օրինակ՝ Ճամբորդող-պատմող Ծովինարին երեկոները։ Այս գիշեր՝ Ճափոնը»։

    Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր...։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ սորվեցնել, Արշոյին՝ իր պուպրիկին հետ ցատկել բերնէ-բերան ջուր լեցուած լոգարանին մէջ…։ Ինչ լաւ է որ Ծովինարը միշտ հոն է պզտիկ քոյրիկը «փրկելու» համար…։ Անշուշտ Ծովինարը երբեմն կը մտածէ որ իր կեանքը շատ աւելի պարզ պիտի ըլլար, եթէ Փաթիլը չըլլար... բայց վստահաբար նուա՛զ հետաքրքրական։

    1/2