զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Պատկեր, պատում, պատմութիւն, հատոր 2՝
    մրցակցութիւններ

    Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան
    Էջերու քանակ՝ 556
    Հրատարակիչ՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտ եւ Ակտուալ Արուեստ
    Հրատարակութեան թուական` 2016

    Պատկեր, պատում, պատմութիւն 2
    Փիլիսոփայական
    *«Աղէտը կը ստիպէ որ երեւակայենք ոճիրէն աւելին, ցաւէն ու մահէն աւելին։ Կը պահանջէ անվերջ պատում մը, ցաւերուն գումարը պարփակող պատկերացում մը։

    «Աղէտը կը ստիպէ որ երեւակայենք ոճիրէն աւելին, ցաւէն ու մահէն աւելին։ Կը պահանջէ անվերջ պատում մը, ցաւերուն գումարը պարփակող պատկերացում մը։ Մարտահրաւէր մըն է, վկայագրութեան դէմ ցցուած։ Պատկերին մարտահրաւէրն է։ Պատկերին մարտահրաւէրը ուղղուած է անշուշտ երեւակայութեան։ Երբ Եսայեան կ՚ըսէ «կարելի չէ երեւակայել...», ի միջի այլոց մտքին մէջ ունի ֆրանսերէն imagination, imaginer բառերը։ Երեւակայութիւնը հայերէն լեզուով եթէ «երեւցնել»ու կարողութիւնն է, եւրոպական լեզուներով՝ պատկեր կազմելու եւ պատկերով ներկայ դարձնելու, տեսարանի մը մէջ մտցնելու (եւ մտնելու) կարողութիւնն է։ Այդ կարողութիւնը յանկարծ, «անսահմանելի»ին դէմ յանդիման՝ կը հանդիպի իր սահմանին»։ (էջ 23)

    Հո՛ն է որ անյիշատակ աւերը պիտի յայտնուի բուն իմաստով։ Պիտի յայտնուի տեսանելիի — կամ տեսանելիութեան — ոլորտին մէջ։ Ինչո՞ւ սակայն տեսանելին, ինչո՞ւ տեսանելիութիւնը, ինչո՞ւ պատկերը եւ լուսանկարը։ Ինչպէ՞ս կրնայ անյիշատակ աւեր մը յանկարծ յայտնուիլ տեսանելիի ոլորտին մէջ։ Ասո՛նք են մեր հարցումները, այսինքն՝ այն հարցումները որոնք կը տնօրինեն հետագայ ընթերցումը։ Ինչպէս ամէն հարցում այս տեսակի խուզարկումի մը պարագային՝ այս հարցումները թելադրուած են խուզարկուող իրականութենէն։ Ա՛յն է որ կ՚ուզէ երեւան գալ։ Ե՛ս չեմ հնարողը, ես չեմ պատկերին յաճախանքով ապրողը, ես չեմ նկարներու ընդմէջէն ճշմարտութիւնը ծագեցնողը։ Վէ՛պն իսկ է։ Ստիպուած ենք ուրեմն առաջին մօտեցումով մը՝ լուսանկարներու շրջագայութեան հետեւելու։ (էջ 372)

    Սոյն հատորը կը մէկտեղէ Սփիւռքէն տարածքէն առաջ՝ Աղէտի՛ տարածքին եւ ոլորտին պատկանող չորս վիպագիրներու գործերուն շուրջ ուսումնասիրութիւններ, սկիզբը՝ Զապէլ Եսայենի եւ Գրիգոր Պըլտեանի, ետքը սակայն ստիպողաբար՝ Շահնուրի եւ Որբունիի, որոնք աւելի կանուխէն Մարկ Նշանեանի վերլուծական գրգռութիւնը մօտեցումը արթնցուցած էին։ Վերջաւորութեան զետեղուած երկու ուսումնասիրութիւններ, այս անգամ՝ միայն Զարեհ Որբունիին նուիրուած, կը փորձեն անգամ մը եւս վերապրողի կերպարը վերակառուցել յղացական իմաստով, այսինքն՝ վիպական մտածումէն քաղելով փորձառութենէն անդին գտնուածը ու փոխադրելով զայն վերլուծական լեզուի մը մէջ։ Այդ «փորձառութենէն անդին» գտնուող ոլորտը հրամցնելով, այդ փոխադրութիւնը կարելի (ու անհրաժեշտ) դարձնելով, մրցակցութիւններու դաշտէն դուրս ոստում մը կատարելով, Թեկնածուն կը մնայ Նշանեանի աչքին Ի. դարու հայերէն լեզուով գրուած ամենէն շքեղ վէպերէն մէկը։ Իսկ վերջաւորութեան Որբունիի Ասֆլաթը վէպին նուիրուած նոր աշխատանքի մը ընդմէջէն կու գայ թարգմանութեան եւ թարգմանելիութեան վերաբերեալ անդրադարձ մը, որ կը ցուցաբերէ «օտարութեան մէջ կորսուած լեզու»ով թարգմանելու իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը, նոյն այդ «կորուստ»ին իրողութիւնն ու էութիւնը բացայայտելու նպատակով։

    Գիրքը կը հրամցնէ նաեւ լուսանկարներ՝ Ջենովայի Սուրբ Բարթողոմէոս Հայոց Եկեղեցիին մէջ պահուած Յիսուս Քրիստոսի «անձեռակերտ պատկեր»ի շրջանակէն, Արամ Ճիպիլեանի “կորքիական” դիմակներէն, ԺԷ. դարու նկարիչներ՝ Գերչինոյի եւ Նիկոլա Փուսէնի Et in Arcadia ego պաստառներէն, Եւգինէ Եփրեմեանի-Դը Գրէֆի ձեռքէն ելած Զարեհ Որբունիի կիսանդրիէն, եւ վերջապէս Զապէլ Եսայեանի ամուսնոյն՝ Տիգրան Եսայեանի «Ստամբուլի տեսարան» կոչուած պաստառէն։

    1/6