զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Յասմիկ Ինճէճիկեան
    Գործիքաւորում՝ Միհրան Էսէկիւլեան
    Հրատարակութեան թուական` 2015

    Բարի լոյս Պուրպատիկ
    Մանկական երգեր եւ պատմութիւններ
    *«Փաթիլ-փաթիլ ձիւն կը մաղէ, Ինչպէս թիթեռ պար կը բռնէ, Կ՚իջնէ թեթեւ ու կը ծածկէ, Ծառ ու փողոց, բակ ու ծաղկոց։* *Ճերմակ, խոշոր փաթիլ մ՚ահա, Ճիշտ

    «Փաթիլ-փաթիլ ձիւն կը մաղէ,
    Ինչպէս թիթեռ պար կը բռնէ,
    Կ՚իջնէ թեթեւ ու կը ծածկէ,
    Ծառ ու փողոց, բակ ու ծաղկոց։

    Ճերմակ, խոշոր փաթիլ մ՚ահա,
    Ճիշտ Սագոյին քիթին կու գայ,
    Սագոն անհոգ, տաքուկ հագած,
    Սահնակ նստած, կ՚ուրախանայ։»

    Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր...։

    Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն ունին. անհրաժեշտ է զայն զարգացնել կազմակերպուած եւ նպատակադրուած ձեւով։ Այս առումով Պուրպատիկը պարզապէս երգերու հաւաքածոյ մը ըլլալէ անդին, մանկավարժական գործիք մըն է, որ թէ՛ կը զարգացնէ երեխաներուն երաժշտական հմտութիւնները, թէ՛ ալ երաժշտութեան միջոցաւ երեխաները կ՚օժտէ արտայայտուելու զանազան կարողութիւններով։

    «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը արտադրուած է որպէս առանձին ձայներիզ 1984 թուականին, ապա 2015 թուականին որպէս միացեալ խտասալիկներ «Նուրին»-ի հետ միասին՝ «Հայերէն մանկական երգեր եւ պատմուածքներ» խորագիրով։

    Ձայներիզին ընդհանուր տեւողութիւնը 36 վայրկեան է։
    Հրատարակուած է Vocal Art of Armenian Composers-ի կողմէ։

    Ձայներիզը ներբեռնելու եւ խօսքերուն հասնելու համար՝ այցելեցէք հեղինակին կայքէջը, ուր առիթը պիտի ունենաք ձեր վճարումը կատարելու իբրեւ Արցախին յղուած նուիրատուութիւն, ընտրելով Հայկական հիմնադրամը կամ CAMAM-ը որպէս նպաստընկալ։

    Երգերը եւ պատմութիւնները մանկավարժական նպատակներով գործածելու համար հեղինակը պատրաստած է ուղեցոյց մը ուսուցիչներուն համար՝

    • Բաժին
    • Բարի լոյս

    Բարի լոյս

    • Պուրպատիկն ու մանուկները

    Պուրպատիկն ու մանուկները

    • Մարզանք

    Մարզանք

    • Հէյ աշուն

    Հէյ աշուն

    • Լուսիկ, պուպրիկս

    Լուսիկ, պուպրիկս

    • Շոքեկառքը

    Շոքեկառքը

    • Նուագախումբը

    Նուագախումբը

    • Պուրպատիկը ծաղկոց կու գայ

    Պուրպատիկը ծաղկոց կու գայ

    • Սուրիկն ու Արեւիկը

    Սուրիկն ու Արեւիկը

    • Կէտ-գիծ-կլոր

    Կէտ-գիծ-կլոր

    • Ամենէն պիտանին

    Ամենէն պիտանին

    • Ամենէն պիտանին

    Ամենէն պիտանին