զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Մատենագրութեան թուանշային գրադարան
    Համացանցային գրադարան
    Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի

    Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։
    20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն է։

    Հարկ է նշել, որ թուայնացումը հպահանումով (scan) չէ որ կը կատարուի, այլ բնագիրին ամբողջական գրաշարութեամբ, ինչ որ կարելիութիւն կու ստեղծէ ամբողջ գրադարանին մէջ որոնումներ կատարելու բառի մակարդակով։

    Գրադարանին մէջ կան շատ կարեւոր գործեր, ինչպէս՝ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»-ին ամբողջականը եւ Զապէլ Եսայեանի բոլոր գործերը։

    Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը կը գործէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս եւ մասամբ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։