զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Ծափ ծափիկ
    Մանկավարժական երաժշտութիւն՝ խտասալիկ եւ ուղեցոյց
    *«Զատկին լաւաշ թխեցինք, չամչով փիլաւ եփեցինք, Չամչով փիլաւ եփեցինք, կարմիր հաւկիթ ներկեցինք, Լուսնակն անուշ, հովն անուշ…»։ * Փոքր տարիքէն սկսեալ

    «Զատկին լաւաշ թխեցինք, չամչով փիլաւ եփեցինք,
    Չամչով փիլաւ եփեցինք, կարմիր հաւկիթ ներկեցինք,
    Լուսնակն անուշ, հովն անուշ…»։

    Փոքր տարիքէն սկսեալ, երեխաները պատրաստ են իրենց ձայնին հետ խաղալով, երգելով, ծափելով եւ պարելով բնականօրէն երաժշտութիւն արտադրելու։ Ծափ-Ծափիկ-ի մանկավարժական ուղեցոյցին եւ այդտեղ ներկայացուած խաղերուն ընկերակցութեամբ փոքրիկները երաժշտական հարուստ փորձառութիւն պիտի ամբարեն։ Միեւնոյն ժամանակ առիթը պիտի ունենան զանազան այլ հմտութիւններ զարգացնելու։

    Ծափ-Ծափիկը բաղկացած է գիրքէ մը որ 180 էջ է եւ 25 երգերէ կազմուած ցանկէ մը, որոնք իրար կ՚ամբողջացնեն հրամցնելու համար ծրագիրին ութը փուլերը։ Երաժիշտ եւ երաժշտագէտ Սեւանա Չագըրեանի հեղինակած Ծափ-Ծափիկը պատրաստուած է երկու առանձին տարբերակով, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ արեւելահայերէն։ Երգացանկը կարելի է ունկնդրել նաեւ ուղեցոյցէն անկախ, որպէս հաճելի եւ ուրախ պահերու անբաժան ընկեր։

    «Ծափ ծափիկ» ծրագիրը օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

    1/4