զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Էջերու քանակ՝ 326
    Հեղինակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան

    Հայ կեանք եւ գրականութիւն Ա. գիրք
    Երկրորդականի դասագիրք
    Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է

    Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։

    Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի հայկական կեանքը։

    • Ամէն մէկ հատուածի համար ունինք հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ գլուխը բացող էջերը, հատուածը ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթեր»ը, «Վկայութիւններ»ը եւն։ Ասոնք կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։
    • «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։
    • «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն օտար գրականութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ։

    Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական ցուցանակներ, եւ եզրաբանական բառարան։

    Անջատաբար տրամադրելի են դասագիրքերուն մանրամասն (link: http://www.kurkjian.info/?page_id=19 text: ուղեցոյցները), նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները

    Անջատաբար տրամադրելի են դասագիրքերուն մանրամասն ուղեցոյցները, նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն)։ Այս վերջին գործիքը, միացած վերոնշեալ քանի մը էական յատկանիշներու, «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը դարձնէ նոյնպէս լիովին մատչելի արեւմտեան Սփիւռքի վարժարաններուն։

    Կապ հաստատել հեղինակին հետ՝ kurkjian@otenet.gr

    Համազգայինի գրախանութ