զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Տեւողութիւն՝ 11:30 վայրկեան

    Հրատարակիչ՝ Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարան
    Մեկնաբանութիւն՝ Սեպուհ Սիմոնեան
    Հրատարակութեան թուական` 2020

    Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ
    Առցանց շրջապտոյտ
    *«Թանգարանի հնաբանները, գիտնականները, որոնք կ՚ուսումնասիրեն անցեալի աշխարհը, կը վերլուծեն գտնուած բրածոները, ճանչնալու համար Երկիր մոլորակի

    «Թանգարանի հնաբանները, գիտնականները, որոնք կ՚ուսումնասիրեն անցեալի աշխարհը, կը վերլուծեն գտնուած բրածոները, ճանչնալու համար Երկիր մոլորակի խորհրդաւոր պատմութիւնը։ Հոյամողէզներու մնացորդները ուսումնասիրելով, մենք կրնանք պատկերացնել թէ ինչպիսին եղած է անոնց աշխարհը եւ ի՛նչ պատահած է անոնց սերունդներուն»։

    Այս տեսերիզը արեւմտահայերէն տարբերակն է Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարանին կողմէ պատրաստուած «Հոյամողէզներու սրահ»ի առցանց շրջապտոյտին։

    Տեսերիզը կ՚անդրադառնայ հոյամողէզներուն վերաբերեալ զանազան նիւթերու։ Կը խօսի մօտ 160 միլիոն տարի տեւողութեան վրայ երկարող այդ ժամանակաշրջանին կարեւոր պատմական դրուագներուն մասին, հասնելով հոյամողէզներու մեծ մասին ոչնչացումին, մեր ժամանակէն 66 միլիոն տարի առաջ։ Տեսերիզը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչպէս թռչունները կը սերին հոյամողէզներէն եւ այսօր իսկ կարելի է տեսակ-տեսակ հոյամողէզներ տեսնել։

    Զանազան լեզուներով պատրաստուած տեսերիզին արեւմտահայերէնի մեկնաբանն է հանրայայտ երաժիշտ Սեպուհ Սիմոնեան, որ հաճելի եւ մատչելի լեզուով մը հետաքրքրուողները կը տանի միլիոնաւոր տարիներ առաջուան աշխարհ մը։