զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Բակի խմբային խաղ հինգէն եօթը տարեկաններու համար

    Լուացքը
    Խաղ
    *Բակի խմբային խաղ հինգէն եօթը տարեկաններու համար...։* Ուրբաթ է…Ուրբաթ է…։ Մաման լուացք ըրեր է...։ Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փ

    Բակի խմբային խաղ
    հինգէն եօթը տարեկաններու համար...։

    Ուրբաթ է…Ուրբաթ է…։
    Մաման լուացք ըրեր է...։
    Տաբատը,
    շապիկը,
    հագուստը,
    փոթ փոթ փէշը,
    գուլպաները,
    վարտիքը...։

    Պա՛ղ ջուր,
    տա՛ք ջուր…։

    Սկսիլ խաղը
    կրկնելով խաղիկը…։
    Երբ լուացք ընողը կանչէ`

    Պա՛ղ ջուր,
    արձագանգը պէտք է ըլլայ հակառակը`
    Տա՛ք ջուր…։
    Երբ լուացք ընողը ձայնէ`
    Տա՛ք ջուր *արձագանգը պէտք է ըլլայ հակառակը *
    Պա՛ղ ջուր…։

    Հետզհետէ արագացնել
    կրկնելով
    կամ փոփոխելով շարքը
    մինչեւ որ երեխաներէն մէկը,
    կամ երկուքը,
    կամ բոլորը
    սխալելով իյնան ծուղակը`
    լուացքի մեքենային մէջը…։

    Ամեն մէկ երեխայ
    կը դառնայ հագուստ մը
    եւ ձեռք ձեռքի
    կը մտնեն լուացքի մեքենային մէջը…։

    Խաղը սկսելէն առաջ կրկնել`

    Տո՛ւր ձեռքդ ընկերս…։

    Բացատրել,
    թէ ընկերոջը ձեռքը չեն ձգեր,
    միշտ ամո՛ւր կը բռնեն,
    մանաւանդ երբ դժուարութեան մէջ է ան…։

    Պա՛ղ ջուր…։
    Տա՛ք ջուր…։
    Տա՛ք ջուր…։
    Պա՛ղ ջուր …։
    Օճառ ու ջուր,
    փրփուր, փրփուր...։
    Լուացքը մաս մաքուր...։

    Տաբատը, շապիկը,
    Հագուստը, փոթ փոթ փէշը,
    գուլպաները, վարտիքը...։

    Ըստ խաղացողներուն թիւին
    հագուստները կրնան աւելնալ
    կամ հակառակը` պակսիլ…։

    Մաման լուացք փռեր է...։

    Բոլորը
    ձեռք ձեռքի ամուր կապուած,
    շղթայուած
    խաղին ընթացքին…։
    Խաղը կը հասնի իր գագաթնակէտին,
    երբ լուացքը կը փռուի
    եւ պարանը կարճ է,
    պէտք է քաշել զայն
    երկու հակառակ ուղղութեամբ…։

    Պարանը կարճ է... Քաշէ՛…։

    Անշուշտ պարանը պիտի փրթի
    եւ բոլորը պիտի իյնան գետին…։

    Լուացքը աղտոտ է...։

    Խաղը կը վերսկսի…։
    Լուացքը անշուշտ անվերջ է,
    իսկ լուացք ընողը
    միշտ նոյն անձը չէ…։
    Մէյ մը մաման է,
    մէյ մը պապան։
    կամ երեխաները…։

    «Լուացքը» մաս կը կազմէ Խաղ ու մաղ շարքին։