զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Գիտութիւն
    Դասագիրքերու շարք
    *«Բնական երեւոյթ է փոքրիկներուն մօտ խուզարկելու միտք եւ հետաքրքրութիւն ունենալը իրենց անմիջական շրջապատին հանդէպ։ Այս երեւոյթին գոհացում տալու,

    «Բնական երեւոյթ է փոքրիկներուն մօտ խուզարկելու միտք եւ հետաքրքրութիւն ունենալը իրենց անմիջական շրջապատին հանդէպ։ Այս երեւոյթին գոհացում տալու, ինչպէս նաեւ յղկելու համար անոնց ճաշակը, պէտք է զարգացնել անոնց դիտելու կարողութիւնը եւ ուղղել անոնց միտքը, որպէսզի ընեն ճիշդ վերլուծումներ եւ հասնին ճիշդ արդիւնքներու։
    Այս նպատակը իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ուսուցման միջոցները, որոնց առաջինը դասագիրքն է, պայմանաւ որ դասագիրքերը պատրաստուած ըլլան մանկավարժական աշխատանքին եւ գիտութեան ծրագրին ամբողջական նպատակ-ներուն գոհացում տալու ձգտումով։»

    «Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի տարիներուն գործածելու համար։ Ամէն մէկը՝ 10էն 14 դասաերէ բաղկացած այս չորս գիրքերը կ՚անդրադառնան գիտական նիւթերու լայն ծիրի մը, կենսաբանութենէն աստղագիտութիւն, բնագիտութենէն երկրաբանութիւն, մարդու մարմին եւ շատ աւելին։ Իւրաքանչիւր դասի նպատակն է գիտական նիւթը ներկայացնել պատկերազարդ եւ մատչելի լեզուով մը, եւ միւս կողմէն նպաստել աշակերտներուն տրամաբանութեան զարգացման։

    Միշէլ Զէյթունլեանի հեղինակած այս շարքը իրականացած է որպէս միացեալ ձեռնարկ Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդի եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան։ Շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն եւ հետաքրքրասէրներուն համար, Զնտուկ կու տայ անոր իր կայքէջին վրայ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արտօնութեամբ։

    Ստորեւ կարելի է հասնիլ շարքի գիրքերուն բովանդակութեան եւ գիրքերուն ամբողջական թուային տարբերակներուն։