զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Բառիկ
    Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝

    Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝ խաղացողը ունի վեց փորձի իրաւունք, եւ ամէն բառ մը դնելուն՝ խաղը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տառերուն տեղերը կը համընկնին բուն բառի տառերուն՝

    • Եթէ տառը ճիշդ է բայց տեղը սխալ է բառին մէջ՝ նարնջագոյն կ՚երեւի։
    • Եթէ տառը ճիշդ է եւ տեղն ալ ճիշդ է՝ կանաչ գոյնով կ՚երեւի։

    Խաղը յաջող աւարտ կ՚ունենայ, եթէ խաղացողը մինչեւ վեցերորդ առիթը ճիշդ կարենայ կռահել ամբողջ բառը, ապա թէ ոչ, պէտք է սպասել մինչեւ յաջորդ օրը՝ այսինքն յաջորդ բառը։

    Ընտրուած բառերը կու գան արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ամենէն շատ գործածուած բառերու ցանկէն։ Հետեւաբար բառերը մեր առօրեային մէջ գործածուած բառերն են, բոլորին համար մատչելի։

    Խաղացողները կրնան իրենց արդիւնքը բաժնել ընկերային ցանցերու վրայ, ցոյց տալով - եւ յաճախ պարծենալով - թէ քանիերորդ առիթէն ետք կրցած են հասնիլ ճիշդ բառին։

    Բառիկը համաշխարհային համբաւ վայելող wordle խաղին արեւմտահայ պատշաճեցումն է։ Պատրաստուած է Շահէն Արապօղլեանի եւ Սուրէն Փափազեանի կողմէ։