զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Զարդիս մատենաշար
    Մանկապատանեկան մատենաշար
    Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան

    Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։

    Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը դիւրաւ կարելի է ընդգրկել նաեւ դպրոցական ընթերցանութեան եւ գրելու ծրագիրներու մէջ։ Կարելի է նաեւ արտադպրոցական եւ ընտանեկան միջավայրի մէջ գործածել, որպէս անհատական միջոցներ՝ թէ՛ ընթերցումը, թէ՛ գրելը զարգացնելու համար։

    Զարդիս մատենաշարը առիթը կու տայ անձնական, դպրոցական եւ դասարանային գրադարանները հարստացնելու։

    Զարդիսի գիրքերուն համար այստեղ առաջարկուած տարիքային բաժանումները նպատակ ունին ընդհանուր գաղափար մը տալու, գիտնալով հանդերձ, որ ընթերցանութեան ընտրութիւնները կախեալ են ոչ միայն ընթերցողին տարիքէն, այլ նաեւ լեզուային պատրաստութենէն եւ նախասիրութիւններէն։

    Զարդիս մատենաշարը մաս կը կազմէ 2016-ի Նորարարութեան Աշխատանոցէն (Յուլիս 9-17 2016, Քուլարէշ, Փորթուկալ) ներշնչուած ծրագիրներուն, եւ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։