զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Նայիրի Խաչատուրեան
    Նկարազարդող՝ Սարգիս Անտոնյան
    Հրատարակիչ՝ aha collective, Զանգակ
    Հրատարակութեան թուական` 2021
    Էջերու քանակ՝ 32

    Զար զընգը
    Մանկապատանեկան վիպակ
    *երբ լոյսը բաժնուեցաւ խաւարէն, երբ երկինքը բաժնուեցաւ ծովէն, երբ ծովէն ծնաւ երկիրը, երբ երկրին վրայ սերմեր ծիլ տուին, երբ քոյր-եղբայր լուսատուն

    երբ լոյսը բաժնուեցաւ խաւարէն,
    երբ երկինքը բաժնուեցաւ ծովէն,
    երբ ծովէն ծնաւ երկիրը,
    երբ երկրին վրայ սերմեր ծիլ տուին,
    երբ քոյր-եղբայր լուսատուներ յայտնուեցան երկնքին մէջ,
    երբ ծովուն մէջ թափանցեցին ձուկեր,
    երբ երկնքին մէջ սաւառնեցան թռչուններ,
    երբ երկրին վրայ յայտնուեցան կենդանիներ,
    կեանքի ոգին հոն էր․
    այո՛
    ան կար եւ կը շնչէր․
    կեանքի ոգին թեթեւ էր,
    եթերային,
    ազատ ու երջանիկ․
    ան կար եւ կը շրջէր՝
    գիշեր-ցերեկ
    երկնքին ու երկրին վրայ․
    երբ ցանկար՝
    ան կրնար
    սուզուիլ ծովերուն խորերը,
    ձուլուիլ քարերուն մէջ,
    ծուարիլ ծառերուն մէջ,
    պահուըտուք խաղալ լուսատուներուն հետ...

    «Զար զընգը» մեծ և փոքր երեխաներուն համար է։ Որպէս աւանդազրոյց մը՝ «Զար զընգը» կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս ծնած է երաժշտութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս մարդուն հոգին երաժշտութեան կապուած է ։

    Գիրերու, գծագրութիւններու, գոյներու եւ տպագրական այլ հնարքներու միջոցաւ գիրքը ընթերցողը կը տանի զգացումէ զգացում՝ կը զարմացնէ, կը հարցադրէ եւ կը խաղայ։

    «Զար զընգը» հատորը արժանի գտնուած է «Պոլոնիայի երեխաներու մրցանակ»ի «Ապշեցուցիչ գրադարան» (The BRAW Amazing Bookshelf) 2022ի ցանկին մաս կազմելու։

    «Զար զընգը» հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

    1/4