մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ձեռք ձեռքի

Ձեռք ձեռքի  2-էն  6  տարեկան երեխաներու ուղղուած` մանկապարտէզի ընդհանուր ծրագիր մըն է։ Հայերէնին բոլոր ծալքերը ընդգրկող հսկայական  այս գանձը, օժտուած է՝ երգ ու կշռոյթով, աւանդական, ժողովրդական, մշակութային եւ համաշխարհային բազմազան գիտելիքներով։ Այս ծրագիրին հետեւելով, երեխաները միեւնոյն ժամանակ կը զարգացնեն երաժշտական, գեղարուեստական եւ լեզուական կարողութիւններ։ Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու տարիքային չորս մակարդակներու կարիքներուն համապատասխանող […]

ՀայՍփէլ

HySpell-ը Հայերէն լեզուի համակարգչային ուղղագրիչ-սրբագրիչ գործիք մըն է որ ամէն տեսակի գրաւոր աշխատանքներու մէջ, առօրեայ գրառումներէն մինչեւ հրատարակչական գործունէութիւն, կը գտնէ գրեթէ բոլոր վրիպակները եւ կ՚առաջարկէ ճշդումներ։ HySpell-ը կը ճանչնայ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն քերականութիւնները, թէ՛ դասական եւ թէ՛ հայաստանեան ուղղագրութիւնները։ Նման համակարգեր հսկայական բառային շտեմարաններու վրայ հիմնուած է որ կը բանին։ HySpell-ը 150 հազար բառ […]

Նայիրի-Ստեղն

Նայիրի-Ստեղնի միջոցաւ կարելի է որեւէ ծրագիրի մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ուղղագրութիւնը։ Պատգամներ կամ նամակներ գրելու ժամանակ, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ ընելու ատեն, կամ ընդհանրապէս խելախօսի մէջ որեւէ բան գրելու ատեն, կարելի է ստուգել գրուածին ուղղագրութիւնը։ Ծրագիրը իր սրբագրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով շտեմարանի մը վրայ որ աւելի քան 150,000 բառ եւ հինգ միլիոն բառաձեւ […]

Հայկական համացանցային համալսարան

Հայկական համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) կարելիութիւն կու տայ ստանալ հայագիտական գիտութիւն բոլոր տարիքի մասնակիցներու համար։ Ըլլալով հիմնուած ամբողջովին առցանց գործիքներու վրայ, անկախ բնակութեան երկիրի կարելի է մասնակցիլ հրամցուած դասընթացքներուն։ ՀՀՀ-ի մէջ ուսումը տեղի կ՚ունենայ եօթը լեզուներով՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իսպաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն։ Նիւթերն են՝ լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն եւ ճատրակ։ ՀՀՀ-ն հիմնադրուած է […]

Բառիկ

Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝ խաղացողը ունի վեց փորձի իրաւունք, եւ ամէն բառ մը դնելուն՝ խաղը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տառերուն տեղերը կը համընկնին բուն բառի տառերուն՝ – Եթէ տառը ճիշդ է բայց տեղը սխալ է բառին […]

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.

Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը շարունակութիւնն է հեղինակի Արեւմտահայերէնի քերականութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ) Ա. գիրքին ու կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի բայ, մակբայ, կապ, շաղկապ, վերաբերական եւ ձայնարկութիւն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները, լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած […]

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի գոյական, ածական, թուական եւ դերանուն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները: Լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած է լեզուաբաններուն եւ հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետաքրքրուողներուն համար:

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Արեւմտահայերէնի Ուղեցոյցը օրէնքներու եւ կանոններու հսկայական շտեմարան մը կը հրամցնէ բոլոր անոնց որ արեւմտահայերէն գրելով կը զբաղին։ Հեղինակը՝ Արմենակ Եղիայեան, իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ՝ «Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, […]