մուտք
ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․
հաւնոցը
այն ո՞վ է․․․ թագը սղո՛ց, ձայնը լո՛յս․ հաւնոցին աքլորն է, զիլ ձայնով կը կանչէ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, առտու է, առտո՜ւ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, աղուէսը հաւնոցէն հեռո՜ւ․ մէկ հաւնոց, տասը հաւ, քանի՞ հաւկիթ․․․ կը՛տ, կը՛տ, կըտա՜կ, հաւկիթներ տա՛ք, տա՜ք․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, տապկուած հաւկիթ․ դեղնուցը ինծի՛, ճերմկուցը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, խաշած հաւկիթ․ միջուկը ինծի՛, կեղեւը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, զո՛յգ […]
հացին երգը
կաթի՛լ, կաթի՛լ, անձրեւ եկաւ․ ոսկի՛, ոսկի՛, ցորե՛ն բուսաւ․ ցորենը տանիմ ջաղացքին տամ․ ջաղացքը ինծի ալիւր տայ․ ալի՛ւր, ալի՛ւր, պա՛րկ մը ալիւր․ ալիւրը տանիմ մամիկին տամ․ մամիկը ալիւրը մաղէ, խմորը շաղէ, թոնիրը վառէ, լաւաշը թխէ․ ծա՛փ, ծա՛փ, ծափիկով, լաւաշը ուտեմ պանիրով․ մամիկս ալիւր կւ մաղէ, մամիկս ալիւր կը մաղէ․ մամիկս խմոր կը շաղէ, մամիկս խմոր կը […]
մամիկը
կը մանէ՜, կը մանէ՜, մամիկը կը մանէ՜, իլիկով կը մանէ․ կը կարէ՜, կը կարէ՜, մամիկը կը կարէ՜, ասեղով կը կարէ․ կը հիւսէ՜, կը հիւսէ՜, մամիկը կը հիւսէ՜, ճաղերով կը հիւսէ․ պարոն դերձակ, անունը սեդրակ, ունի ասեղ տեսա՜կ, տեսա՜կ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, երկա՜ր ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, կա՛րճ ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, հա՛ստ ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, բարա՜կ ասեղ․ ասե՛ղ, […]
ջրծաղիկ
ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ջրծաղիկ, ամեն տեղ բշտի՛կ, բշտի՛կ․ քիթիկին ծայրը, այտիկին վրայ, մատիկին ծայրը, փորիկին վրայ․ բշտիկնե՜ր կարմրուկ, ամեն տեղ քերուըտուք․ քիթիկին ծայրը, այտիկին վրայ, մատիկին ծայրը, փորիկին վրայ․ շո՛ւտ կանչեցէք բժիշկը, թող վերջանայ այս քերուըտուքը․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն, շարա՜ն․ դե՛ղ, դե՛ղ, խմելիք դեղ․ դե՛ղ, դե՛ղ, քսելիք դեղ․ արամիկը ջրծաղիկ ունի, ամեն տեղ կը քերուըտի․ […]
տուն տունիկ
տըմփի՛կ, տըմփի՛կ, դո՛ւռը բաց․ հրամմեցէ՜ք, հրամմեցէ՜ք, հիւրասենեակ․ հրամմեցէ՜ք, հրամմեցէ՜ք, ճաշասենեակ․ երթանք խոհանոց, պատրաստենք սո՛ւրճ, թէ՛յ, օշարա՜կ․ պէտքարանն ալ հո՛ս է․ ջուրը քաշելու չմոռնա՜ս․ ամօ՜թ է, ամօ՜թ է, բաղնիքին դուռը հաճիս գոցէ՛․ սենեա՜կ, սենեա՜կ, ննջասենեակ․ մահճակալ, անկողին, սաւան ու բարձ, նունիկը կը մտնէ վերմակին տա՛կ․ ո՛չ աղմուկ, ո՛չ շշուկ, շշշշ․․․ հաճիս լոյսը մարէ․․․ դարձեա՛լ հրամմեցէք․
լուկ լուկ հանելուկ
այն ո՞վ է․․․ պոչը ծաղի՞կ է, թէ փուչիկ է․ գուշակելը դիւրին չէ՜, դժուա՛ր է․ սիրամա՛րգն է, սիրուն պոչը ծաղկեփո՛ւնջ է․ պոչը գոց, պոչը բաց, կը քալէ հպա՜րտ հպա՜րտ․․․ այն ո՞վ է․․․ ինքը մի՛ս է, հագուստը փո՛ւշ է․ գուշակելը դիւրին է, դժուար չէ՛․ փո՛ւշ է, փո՛ւշ է, փո՛ւշ փո՛ւշ ոզնին է, շոյուի՜լ կ՚ուզէ․ փո՛ւշ է, փո՛ւշ […]
ընձուղտը
այն ո՞վ է․․․ երկա՜ր տոտիկ, երկա՜ր վզիկ․ ընձո՛ւղտն է․ երկա՜ր տոտիկ, երկա՜ր վզիկ․ տեղը նե՛ղ է, վիզը ծո՛ւռ է․ շապիկ հագած, փողկապ կապած, պարոն ընձուղտն է․ պարոն ընձուղտը շապիկ չունի, փողկապ չունի․․․
ագռաւը
կռա՛ւ, կռա՛ւ, ծառէ՛ն թռա՛ւ սե՜ւ․․․ կռա՛ւ, կռա՛ւ, ծառէ՛ն, ճիւղէ՛ն, բոյնէ՛ն թռա՛ւ սեւ ագռա՜ւ․․․ ծի՛ւ, ծի՛ւ, մատնոցիկ, սեւ ագռաւը բռնեցինք․ ծի՛ւ, ծի՛ւ, մատնոցիկ, սեւ ագռաւը փետտեցինք․ իւղով միւղով տապկեցինք, թը՜ռ թռա՜ւ․․․ սե՛ւ է, սե՛ւ է, ագռա՛ւ է, ագռա՛ւ է, պանի՛ր է, պանի՛ր է․ սեւ ագռաւը պանիր գտաւ, ծառին ճիւղին թառեցաւ․ խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ, ագռաւին նայեցաւ ու […]
գայլը
մեր գիրքին մէջ կար չորս ոչխար մէ՜, մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ մնա՜ց, մնա՜ց, քանի՞ ոչխար․ մեր գիրքին մէջ մնաց երեք ոչխար մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ մնա՜ց, մնա՜ց, քանի՞ ոչխար․ մեր գիրքին մէջ մնաց երկու ոչխար մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ […]