մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ի՞նչ կու տայ

կու տա՜յ, կու տա՜յ, ո՞վ կու տայ, ի՞նչ կու տայ, որո՞ւն կու տայ․ խնձորենին կու տայ, խնձո՛ր կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ տանձենին կու տայ, տա՛նձ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ ծաղիկը կու տայ, անո՜ւշ հոտ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ մեղուն կու […]

կաղանդ պապուկը

կաղանդ է, կաղանդ է, կաղանդ պապուկը հոս է․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ խոշոր կարմիր քիթ ունի․ քի՛թ քի՛թ, խոշոր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, կարմիր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, խոշոր, կարմիր քի՛թ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ կարմիր, երկար գլխարկ ունի․ մէ՛կ թիզ, երկո՛ւ թիզ, քանի՞ թիզ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ երկա՜ր, ճերմակ մօրուք ունի․ բո՞ւրդ է, բամպա՞կ է, […]

անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ

կու գա՜յ, կու գա՜յ, ի՞նչ կու գայ․ փաթի՛լ, փաթի՛լ, ձիւն կու գայ․ կու գա՜յ, կու գա՜յ, ի՞նչ կու գայ․ կաթի՛լ, կաթի՛լ, անձրեւ կու գայ․ կու գա՜յ, կու գա՜յ, ի՞նչ կու գայ․ հատի՛կ, հատի՛կ, կարկուտ կու գայ․ ամպիկները բարկացան․ տո՛ւմ, տու՛մ, որոտում․ ամպիկները զայրացան․ ծա՛կ, ծա՛կ, կայծակ․ անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ, արամիկը կը խաղայ, […]

պալատին բանալին

ոսկի բանալի, արծաթ բանալի, պալատին դուռը թող բացուի․ թագաւորը հարցուց թագուհիին, թագուհին հարցուց իշխանին, իշխանը հարցուց իշխանուհիին․ « ո՞ւր է պալատին բանալին »․ իշխանուհին պատասխանեց իշխանին, իշխանը պատասխանեց թագուհիին, թագուհին պատասխանեց թագաւորին․ « չկայ պալատին բանալին »․ բանալին կորսնցուցի, ծակը ծուկը փնտռեցի․ ոսկի բանալի, արծաթ բանալի, պալատին դուռը ինչպէ՞ս բացուի․ թագ ունի, թագ ունի, թագաւո՞ր […]

տնակ տունիկ

տնակ, տունիկ, չունի տանիք, ինչպէ՞ս խաղամ տուն տունիկ․․․ տնակ, տունիկ, վրան տանիք, ես կը խաղամ տուն տունիկ․․․ ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ․․․ ծուխ մուխ, ծուռ մուռ․․․ այն ի՞նչ է, ի՞նչ․․․ թխկո՛ց, չխկո՛ց, կարմիր բո՛ց․ ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ․ կրա՛կ կայ, կրա՛կ կայ․ շուտ հրշէջը կանչէ, թող հրդեհը մարէ․․․ իսկ հրդեհին պատճա՞ռը․ արամիկը լուցկիով […]

իշուկը

այն ո՞վ է․․․ կ՚աշխատի ու կ՚աշխատի, մէկ վայրկեան հանգիստ չունի․ եթէ բեռ չունենայ, քալելը կը մոռնա՜յ․․․ է՜շ, իշո՛ւկ․ իշուկիս, իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը․ իշուկիս, իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը․ սո՜խ սխտոր իշուկիս վրայ, սո՜խ սխտոր կը տանիմ շուկայ․ սոխ […]

ուղտը

այն ո՞վ է․․․ ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ, կը քալէ կուզիկ մուզիկ․ ուղտը՝ ծուռիկ մուռիկ, սապատը՝ կուզիկ մուզիկ․․․ ուղտ եմ, ուղտ եմ, ուտեմ, ուտեմ, խմեմ, խմեմ, սապատիս մէջ պահեմ, անապատին մէջ քալեմ․․․ քառասուն օր, քառասուն գիշեր․․․ ուղտին հարցուցին․ « ուղտի՛կ, ուղտի՛կ, վիզդ ինչո՞ւ ծուռիկ մուռիկ է»․ պատասխանեց․ « ինչու ո՞րտեղս շիտակ է »․ սապա՛տ, սապա՛տ, խե՜ղճ […]

շուքը

այն ո՞վ է․․․ ո՛ւր որ երթամ, հե՛տս կու գայ․ շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը քալես անշշուկ․ շո՛ւք, շո՛ւք․ շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը խաղաս պահուըտուք․ շո՛ւք, շո՛ւք․ կարմիր է, չալիկը կը սպասէ՜․ ուշադրութի՛ւն․ կանանչ է, չալիկը ո՞ւր կը վազէ․ շուքին ետեւէն կը վազէ․ ի՞նչ կը կարծես, պիտի բռնէ՞․․․ մատիտդ տաշէ՛ ու զի՛ս հետապնդէ․․․

արեւածաղիկ

այն ո՞վ է․․․ արեւուն կը նայի, արեւուն կը նմանի․ ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ ծաղիկ, ցերեկը ուրախ արեւածաղիկ․ ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ ծաղիկ, գիշերը տխուր արեւածաղիկ․ ցերե՞կ է, գիշե՞ր է, արե՞ւ թէ լուսին, գուշակէ՜․․․ ցերե՞կ է, գիշե՞ր է, արե՞ւ թէ լուսին, գուշակէ՜․․․ ծաղի՛կ, առաւել ծաղի՛կ, առաւել ծաղի՛կ, հաւասար է ծաղկեփո՛ւնջ․ արե՛ւ, առաւել ծաղի՛կ, հաւասար է, ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ […]

ջոփ ջոփիկ

այն ո՞վ է․․․ ճուլո՛ւմբ, ճուլո՛ւմբ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ բադի՛կ, բադի՛կ, կարմիր տոտիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ սագի՛կ, սագի՛կ, երկա՜ր վզիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ այն ո՞վ է․․․ բադի՞կ է, բադի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ սագի՞կ է, սագի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ կարապ է, կարապ է․ կարա՛պ, սագի՛կ եւ բադի՛կ, կը լողան հարսի՛կ հարսի՛կ․ ալի՛ք […]