Մէկը եւ միւսը
Մէկը ըսաւ՝ ա՛յ, միւսը ըսաւ՝ ո՛ւյ… Մէկը ըսաւ՝ վա՛յ, միւսը ըսաւ՝ վո՛ւյ… ե՛ւ… այ ույ, այ ույ, վայ վույ, վայ վույ, ախ օխ, ախ օխ, սո՜խ… Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, այ ույ, վայ վույ, ախ օխ, սո՜խ, ա՛յ, սխտոր…
Հտպիտը
Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ կարկանդակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ, կարկանդակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ չորս ջութակ… Ծակ գլխարկէն՝ […]
Հրեշտակը
Բարի հրեշտակ եղիր պահապան, հսկէ վրաս երբ քնանամ, երազներու աշխարհը երթամ ու գամ, ուրախ զուարթ արթննամ… Անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ…
Ձմեռ եկաւ
Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, արջուկին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, կրիային քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, կրիան քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, ոզնիին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ […]
Ձմերուկը, դուն եւ ես
Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ դո՞ւն… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… Ուտելո՛վ… Ուտելո՞վ թէ խմելով… Խմելո՛վ… Խմելո՞վ թէ խաղալով… Խաղալո՛վ… Խաղալո՞վ թէ խնդալով… Խնդալո՛վ… Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ ե՞ս… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… […]
Ճանճին պատմութիւնը
Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ո՛չ… Ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ըսի ո՛չ… Ըսի ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Մուկի պո՛չ… Մուկի պոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Փը՛շտ փը՛շտ…
Ճիմ ճիկ
Ճկոյթը ըսաւ՝ ճի՛կ… Մատնեմատը ըսաւ՝ ճանիկ… Միջնեմատը ըսաւ՝ ճստիկ… Ցուցամատը ըսաւ՝ ճուտիկ… Բթամատը ըսաւ՝ ճի՛մ ճիկ…
Ճնճղուկը
Ճնճղուկը ճստիկ էր, սակայն ձայնը ամբողջ աշխարհը կը լսէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը մի՛շտ կ’երգէր, սակայն երգել չէր գիտեր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ կ’երգէր, բոլորին գլուխը կ’արդուկէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ մխալ մի՛շտ երգեց, օր մըն ալ յանկա՛րծ՝ գեղգեղե՜ց… Ծի՛ւ, ծի՛ւ ծիւ ու ծիւ… […]
Ճոր ճոր
Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ մայրիկին աթոռը կ’երթայ ու կու գայ… Ճոր ճոր մամա, ճոր ճոր ճոր մամա, մեծ մայրիկին գիրկը թոռնիկ մը կայ… Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ մայրիկին աթոռը կ’երթայ ու կու գայ… Ճոր ճոր մամա, ճոր ճոր ճոր մամա, մեծ մայրիկին թոռնիկը կը քնանայ… Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ […]
Հոտած գուլպան
Երկուշաբթի՝ որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի… Կիրակի՝ գուլպադ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծուռ քիթս նորէն չփրթի…