Կանանչ կարմիր
Եղեւինը կանանչ է, Կաղանդ պապուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է… Ձմերուկը կանանչ է, իսկ միջուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ չէ… Կաղանդ պապուկը ձմերո΄ւկ կ’ուտէ… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է, ձմեռ չէ…
Կարագը
Մաման գնաց հանրախանութ… Տեսակ տեսակ պանիր տեսաւ, շուարեցաւ… Ասի՞ առնէ, թէ անի առնէ… Ֆրանսակա՞ն պանիր, թէ հոլանտական պանիր… Պուլկարակա՞ն պանիր, թէ իտալական պանիր… Յունակա՞ն պանիր, թէ հայկական պանիր… Դեղի՞ն պանիր, թէ ճերմակ պանիր… Հոտա՞ծ պանիր, թէ հալած պանիր… Ծակ ծա՞կ պանիր, թէ թել թել պանիր… Այծի՞ պանիր, թէ ոչխարի պանիր… Մաման գնաց հանրախանութ… Տասնչո՛րս տեսակ […]
Կարթ ու թակարդ
Ձուկը մուկը, մուկը ձուկը… Ծովը ծակը , ծակը ծովը… Ձուկը ծովը, մուկը ծակը… Մուկը ծակը, ձուկը ծովը… Ձուկը մուկը, թակարդը, վա՛յ… Մուկը ձուկը, սուր կարթը, վո՛ւյ… Թակարդը, սուր կարթը… Սուր կարթը, թակարդը եւ… Ձուկը մուկը տապակին մէջը… Մուկը ձուկը պնակիդ մէջը…
Կոճակը
Երկար պոչով մկնիկը քովս եկաւ գիշեր մը, պոչը շարժեց ու ըսաւ՝ Տակաւին ակռադ չփրթա՞ւ… Երկար պոչով մկնիկը ինծի բերաւ կոճակ մը, կոճակը տուաւ, ակռաս առաւ, ակռաս առաւ ու փախաւ…
Ծուռ ու շիտակ
Օր մը ծուռ, օր մը շիտակ, ես կը խաղամ շարունակ… Այսօր ծուռ, վաղը շիտակ, իսկ միւս օրը շի՛փ շիտակ… Օր մը ծուռ, օր մը շիտակ, դուն կը խաղաս շարունակ… Այսօր ծուռ, վաղը շիտակ, իսկ միւս օրը շի՛փ շիտակ… Օր մը ծուռ, օր մը շիտակ, մենք կը խաղանք շարունակ… Այսօր ծուռ, վաղը շիտակ, իսկ միւս օրը […]
Կաթնապուրը
Խոտը կովը՝ կանանչ խոտը, կարմիր կովը… Կովը կաթը՝ կարմիր կովը, ճերմակ կաթը… Կաթը, բրինձը, շաքարը՝ ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, քանի՞ գաւաթ շաքարը… Ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, երկու գաւաթ շաքարը, երեք դգալ վարդի ջուրը… Գաւաթը՝ սուրճի, դգալը՝ թէյի… Ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, երկու գաւաթ շաքարը, երեք դգալ վարդի ջուրը, ահաւասիկ կաթնապուրը… Խոտը, կովը, կաթնապուրը՝ կանանչ խոտը, […]
Խաչ խուչ
Կիրակի օր մը՝ մայրամուտին, պզտիկ խեչափառը կապոյտ ծովուն եզերքը, քալե՜ց, քալե՜ց առանձին… Ինչո՞ւ առանձին, ընկեր չունի՞… Երկուշաբթի օր՝ մայրամուտին, երկու խեչափառները կապոյտ ծովուն եզերքը, ուրախ զուարթ քալեցին երկու ընկեր միասին… Ինչո՞ւ երկու… Հապա քանի՞… Թող ըլլայ երեք… Երեքշաբթի օր՝ մայրամուտին, երեք խեչափառները կապոյտ ծովուն եզերքը, ուրախ զուարթ քալեցին երեք ընկեր միասին… Ինչո՞ւ երեք… Հապա քանի՞… […]
Խխունջիկը
Տրտում տխուր խխունջիկ կը սողայ լռիկ մնջիկ… Կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… Տրտում տխուր խխունջիկ չունի կօշիկ եւ տոտիկ, կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…
Ծառ ու խաղ
Մեր տունը պարտէզը, պարտէզին մէջ՝ տանձի ծառը… Մեր պարտէզը տանձի ծառ, տանձի ծառ… Տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… Տանձի ծառէն տանձ ինկաւ, բա՛թ… Մեր տունը պարտէզը, պարտէզին մէջ՝ տանձի ծառը եւ ծիրանի ծառը… Մեր պարտէզը ծիրանի ծառ, ծիրանի ծառ… Ծիրանի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… Ծիրանի ծառէն ծիրան ինկաւ, բա՛թ… Մեր տունը, պարտէզը, պարտէզին մէջ տանձի ծառը, ծիրանի […]
Զատիկ
Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կարմիր հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց դեղին հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կանանչ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կապոյտ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց գոյն գոյն հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, եկէք խաղանք թաք թաք հաւկիթ։