մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Զոյգ, կենտ

Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին հետ մտան լուացքի մեքենայ… Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, օճառուեցան, լուացուեցան, մաքո՜ւր մաքուր, մա՛ս մաքուր մեքենայէն ելան… Վա՛յ, ի՛նը հատ գուլպայ… Զո՞յգ է, կե՞նտ է… Զոյգ չէ, կե՛նտ է… Մէկ գուլպան ո՞ւր է… Չորս զոյգ գուլպայ, ութ հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին […]

Թափ թափ

Չըլը՛փ… Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, մեղուն ինկաւ կաթով լեցուն կճուճին մէջը… Ի՞նչ ընէր, ինչպէ՞ս ընէր, կաթով լեցուն կճուճին մէջէն ինչպէ՞ս ելլէր… Մեղուն թեւերը թափ թափ, թափահարեց, թափ թափ, թափահարեց… Մեղուն թեւերով թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կարա՛գ հանեց… Մեղուն ելաւ կարագին վրայ եւ… թըռ թռա՜ւ, շի՛փ շիտակ դէպի փեթակ…

Ինչ որ ցանես

Այսօր լոլիկ ցանեցի, վաղը լոլիկ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր վարունգ ցանեցի, վաղը վարունգ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր պղպեղ ցանեցի, վաղը պղպեղ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կծու անուշ պղպեղներ, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր […]

Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Իշուկի պո՛չ… Իշուկիս իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը… Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր… Ընկեր, […]

Երկար թելը

Կը մանէ, կը մանէ, մեծ մայրիկը կը մանէ, բուրդ ու բամպակ կը մանէ… Կը փաթթէ, կը փաթթէ, մեծ մայրիկը կը փաթթէ, երկար թելը կը փաթթէ… Կը հիւսէ, կը հիւսէ, մեծ մայրիկը կը հիւսէ, պատմութիւն մը կը հիւսէ… Կը պատմէ, կը պատմէ, մեծ մայրիկը կը պատմէ, պատմութիւնը անվերջ է՝ այս աշխարհը կլոր է…

Երկու տնկի

Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի եւ ջրեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի, ջրեցի եւ տասը տարի սպասեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի, ջրեցի, տասը տարի սպասեցի եւ մէկը դարձաւ թմբի՛, միւսը դարձաւ թխկի՛… Պարտէզին մէջ ես թմբի, դուն թխկի… Պարտէզին մէջ դուն թմբի, ես թխկի…

Եօթը խեչափառ

Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ… Խաչ, խուչ, խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս քայլ դէպի ձախ… Խաչ, խուչ. խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Մենապար՝ չէ, չէ… Նազպար՝ չէ, չէ… Բերդպար՝ ինչո՞ւ չէ… Շուրջպար՝ ի հարկէ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս […]

Եռանկիւնը

Հսկայ լեռը եւ մեծ վանքին գմբեթը… Նոյնը նոյնը, եռանկիւնը… Հսկայ լեռը, մեծ վանքին գմբեթը եւ վարդապետին վեղարը… Նոյնը նոյնը, եռանկիւնը… Հսկայ լեռը, մեծ վանքին գմբեթը, վարդապետին վեղարը եւ մեծ մայրիկին պանիրով բլիթը… Նոյնը նոյնը, եռանկիւնը… Հսկայ լեռը, մեծ վանքին գմբեթը, վարդապետին վեղարը, մեծ մայրիկին պանիրով բլիթը, թոռնիկին փորիկին մէջը, հա՛մ… Հսկայ լեռը եւ թոռնիկը… Նոյնը […]

Երեք հատ ցաւ

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ՝ վա՜յ, վա՜յ, կոտրեցաւ… Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ, ոսպապուրն ալ թափեցաւ՝ վա՜յ, վա՜յ, թափեցաւ… Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ, ոսպապուրը թափեցաւ, մայրիկն ալ բարկացաւ՝ վա՜յ, վա՜յ, բարկացաւ… Կոտրեցաւ, թափեցաւ, բարկացաւ, հիմա ունիմ երեք հատ ցաւ՝ ա՜յ, ա՜յ, ա՜յ… Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ՝ վո՜ւյ, վո՜ւյ, կոտրեցաւ… Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ, թանապուրն ալ թափեցաւ՝ վո՜ւյ, վո՜ւյ, թափեցաւ… Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ, […]

Բոյնը

Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Իսկ մայրիկը մտահոգ է… Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է… Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Հայրիկն ալ […]