մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Պաթոլա կամ Բատոլա – պատկեր բ

Մենք կը խաղանք արտերուն մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ, գա՛յլ, գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն… Մէկ քայլ, երկու քայլ, երեք քայլ, չորս քայլ՝ կը մօտենա՜մ… Քայլ առ քայլ, քանի՞ քայլ… Չո՛րս քայլ… Գայլ եւ գայլ, քանի՞ գայլ, աո՜ւ… Մէկը Գի՛մ է, միւսը Քէ՛ է… Կը շուարիմ, կը շփոթեմ… Գի՞մ է, Քէ՞ է… Թէ՛ Գիմ է, […]

Պաթոլա կամ Բատոլա – պատկեր ա

Կար ու չկար, տնակ մը կար… Տնակ տունիկ, հազարաշէն երդիք, վրան տանիք, իսկ աջ կողմը եւ ձախ կողմը, քառասուն տուն, քառասուն տանիք… Քեռի Մինա՜ս… Ի՞նչ կայ, ճաղա՛տ Ղուկաս… Մեզի հիւր կու գա՞ս… Կու գա՜մ, կու գա՜մ… Քեռի Մինա՜ս… Ի՞նչ կայ, ճաղա՛տ Ղուկաս… Տըռ տըռ Ղազարին ալ լուր կու տա՞ս… Կու տա՜մ, կու տա՜մ… Քեռի Մինա՜ս… […]

Պաթոլա կամ Բատոլա

Երկու հազար տասնութին ծնաւ Տարոսիկը։ Տարոսիկը՝ ափին մէջ ամփոփուող գիրք մը գողտրիկ, որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տարուան տօնական խաղիկները․․․ Փոքրիկ գիրքին հետ նաեւ քսակ մը, լի հազարաշէնի փայտիկներով․․․ Երա՛զ մը, որ ամէն մէկ երդիքէ մտնէր Տարոսիկը, ամէն մէկ ընտանիք, գլխուն վրայ ունենար հարազատ հազարաշէն մը ու հնչեցնէր մոռցուած կամ լռած, մեր հազար ու մէկ խաղիկները․․․ Տարոսիկը […]

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ […]