մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Անտիտղոս հերոսներ

Անտիտղոս հերոսներ՝ անժամանակ, որոնց կը հանդիպինք մի՛շտ, այստեղ կամ այնտեղ՝ ամենուրէք, ո՛ւր որ ենք…

Թագաւորը եւ թագուհին

Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին… Պալատական խաղ մը, որ կը պատահի ու կը կրկնուի, ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին… Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընթերցողը պիտի ստանայ թագաւորին թագը, […]

Կիրակոսը

Կիրակոսը՝ դպրոցին հետ հազար ու մէկ հարց ու հանգոյց, հազար հարց ու մէկ հանգոյց ունեցող աշակերտը… Կիրակոսը՝ ներաշխարհով հարուստ այն տղան, որ ընթերցողը իր հետը պիտի փոխադրէ, դպրոցէն հեռո՜ւ, երեխային մօտիկ, ժպիտով լի մոլորակ մը…

Սիրանուշ

Տնակ մը, ուր նո՛յն օրը կը կրկնուի, նո՛յն ապուրը կ՚եփի, սակայն գիշերը, բի՜ւր երազներ կը հիւսուին… Սիրանուշ՝ երազներու աշխարհը հսկող, մղձաւանջները հեռո՜ւ քշող, գրոց բրոց վհուկը, որ տնակին ժամացոյցին թըխկոցով՝ թը՛խկ չըխկ կշռոյթով, պիտի ներառնէ ընթերցողը անտրամաբանական աշխարհի մը մէջ, անվերջ պտտուող շուրջպարով…

Օրիորդ Շուշանիկ

Օրիորդ Շուշանիկ բազմաթի՜ւ շնորհներ, սակայն միայն, միմիայն մէ՛կ երազ ունի՝ վարդագո՛յն երազ մը… Օրիորդ Շուշանիկին վարդագոյն այս երազը արդեօք պիտի իրականանա՞յ… Հարցումին պատասխանը ընթերցողը անշո՛ւշտ պիտի ստանայ, երբ կը հասնի գիրքին աւարտը կամ Համբարձման գիշերը… Գիրքին աւարտը կամ Համբարձման կախարդական այն գիշերը, երբ կը բացուին բոլո՜ր կղպուած դռները…

Պարոն Նիկողոս

Պարոն Նիկողոս՝ փողկապը կապած եւ երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, միայնակ այն ծերունին է, որ օր մը՝ անպայման, պատահաբար պիտի հանդիպի ընթերցողին թաղին մէջ, փողոցին ծայրը կամ աւելի անդին՝ եկեղեցին… Պարոն Նիկողոս իր պարզ ու միօրինակ առօրեայով պիտի փայփայէ ընթերցողը եւ փողկապը կապած, երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, պիտի առաջնորդէ ընթերցողը հին ու […]

Պարոն Սեդրակ

Պարոն Սեդրակ՝ սիրելի այն դերձակը, որ իր առօրեային պա՜րզ դրուագները ասեղ թելով կը թելակարէ, ընթերցողին թելադրելով հին ու համեստ, սակայն թանկագին արժէքներ, արժանիքներ…

Գորալին

  Բաժիններ՝ 6 Վարժութիւններ՝ 32