Մտածենք եւ լուծենք – Բ տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Բ տարի դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, Բ դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս 0-50 թիւերը Գումարում-հանում Կարդալ թիւերու շարքը Գծակից կէտեր Երկարութիւն մը չափել 0-99 թիւերը Տասնեակը […]
Մտածենք եւ լուծենք – Գ տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Գ տարի դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, Գ դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս 1-էն մինչեւ 100 թիւերը Գումարում 9-էն մինչեւ 999 թիւերը Երկարութեան չափեր Աւելցնել 1, 10, […]
Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Երբ մարդ ընկեր մը ունի, ո՛չ մէկ բանէ վախնալու պէտք ունի»։ Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, քանի որ միասին խենթանալիք ուժեղ են, արջուկի մը եւ վագրիկի մը պէս ուժեղ։ Գետակի եզերքին իրենց տունին մէջ շատ հանգիստ են։ Բայց եւ այնպէս, օր մը ճամբայ կ՚իյնան իրենց երազներուն երկիրը՝ Փանաման […]
Մտածենք եւ լուծենք

Մտածենք եւ լուծենք շարքի դասագիրքերը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ թուաբանագէտները կը մղեն ինքնուրոյն աշխատանքի, գիտելիքներ կառուցելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոցաւ։ Թուաբանութեան հայերէնով դասաւանդումը մասնաւորապէս քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, եւ որպէսզի երեխաները լեզուն վերացական մակարդակի իւրացնել եւ հարուստ յղացական բառապաշարի մը տիրապետել […]
Գիտութիւն (2016)

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ գիտնականները կը մղեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը գործածելու, ինչպէս նաեւ իրենց քննական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։ Մասնաւորապէս հայերէնով գիտութեան դասաւանդումը քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, մինչեւ կարենան երեխաները իւրացնել վերացական մակարդակի լեզուն, եւ տիրապետեն յղացքներու […]
Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։ Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը […]
Միջատներ

Անասունները եւ իրենց միջավայրը

Բրածոներ

Բոյսերուն յատկանիշները եւ գործարանները
