մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Շրջուն վաճառականէն պաղպաղակ գնող տղուն գնդակը շէնքէ մը ներս կ՚իյնայ։ Երբ կը փորձէ առնել գնդակը, կը տեսնէ, որ հոն ուր ինկած է՝ սեւ ակնոցներով մարդիկ խսիրէ աթոռներ կը շինեն։ Տարիներ կ՚անցնին… Գնդակը նոյն տեղն է տակաւին եւ նոյն Շրջուն վաճառականը կու գայ նոյն երգով։ Ի՞նչ բան փոխուած է այս փողոցներուն մէջ այսքան տարուան ընթացքին։ Ժամանակը, […]

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Սէրուժ Յովսէփեան հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղէ. «Եթէ առիթը ունենայիր փոխելու բան մը մեր գաղութէն ներս, ի՞նչ կ՚ըլլար այդ մէկը»։ Այս կարճ տեսերիզին մէջ, հեղինակը իր ստացած պատասխանները կը ներկայացնէ։

Մեծ տղաքը կու լան

Մեծ տղաքը կու լան զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ սեռային ինքնութեան վրայ մտորելու մղող գիրք մըն է։ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Բայց Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Լեւիկ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ իր զգացումները։

Թագաւորն ու Ծովը

Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։