մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Շերեփը եւ շերեփուկը

Շերեփը՝ երկա՜ր կոթով շերեփը… Ո՛չ, ոչ, շերեփուկը՝ երկա՜ր պոչով շերեփուկը… Շերեփը, ապուրին մէջը, Շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ շաբաթ կիրակի, ե՜ւ… շերեփուկին տոտիկնե՛ր բուսան… Անհաւատալի՛ բան… Տոտիկները, երկար պոչը, շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, […]

Արագիլը՜

Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Իշուկին քուռա՛կ բերաւ, կովուկին՝ հորթո՛ւկ, իսկ ձիուկին՝ մտրո՛ւկ… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Ոչխարին գառնո՛ւկ բերաւ, այծուկին՝ ուլի՛կ, ձեզի՝ աղբարիկ, իսկ մեզի՝ քոյրիկ… Գառնուկ աղբարիկ, ուլուլիկ քոյրիկ… Աղբարիկը՝ աղուորիկ, իսկ քոյրիկը՝ քնքոյշիկ, պուպուշիկ, նունուշիկ, […]

Փիղին փիւրը

Պարոն փիղը, Տիկին փիղը, Տէր եւ Տիկին փիղերը… Պարոն փիղին փողկապը… Տիկին փիղին փո՛թ, փո՛թ փէշը… Փողկապը, փո՛թ, փո՛թ փէշը, Տէր եւ Տիկին փիղերը…

Մազմազիկը

Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, տոտիկ մը փրթաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Մազմազիկը տխրեցաւ, տրտմեցաւ, ցա՜ւ, ցա՜ւ, աշխարհը գլխո՛ւն փլաւ, սակայն ուզէր չուզէր կեանքը պիտի շարունակուէր… Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ժամանակին ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, գլխուն փորձա՛նք մը ինկաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Ժամանակը […]

Գայլախաղ

Ես կը խաղամ անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Դուն կը խաղաս անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… Գայլը` – Գլո΄ւխս արդուկեցիք… Յոգնեցայ աս խաղէն…

Չղջիկը

Մուկերուն թագաւորը տուրք կը հաւաքէր… Ամեն մէկ մուկ վճարած էր, միայն չղջիկը վճարած չէր… Մուկերուն թագաւորը կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը թեւերը ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – Ո՞վ տեսած է թեւերով մուկ… Չէ, չէ, մուկ չեմ, թռչո՛ւն եմ, ինչո՞ւ տուրք վճարեմ… Թռչուններուն թագաւորը անմիջապէս կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը ակռաները ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – […]

Գաղտնիքներ

Լարե՜ր՝ ելեկտրակա՛ն լարեր, լարերուն մէջէն կը հոսին գաղտնիքնե՜ր… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարին թառեցաւ ու բոլո՜ր գաղտնիքները ուշի ուշով մտիկ ըրաւ… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարէն թըռ թռա՜ւ ու բոլոր գաղտնիքները ճնճղուկներուն ըսաւ… Լուսաբացին, ճիւ ճիւ ճնճղուկները բոլո՜ր գաղտնիքները պատմեցին բոլորի՜ն… Եթէ լուսաբացին՝ գլուխդ տակաւին բարձին, ճիւ ճիւ ճնճղուկներուն ականջ տաս, այս աշխարհին բոլո՜ր գաղտնիքները կը գիտնաս…

Փիղը

Փիղը փողը, երկա՜ր փողը… Փողը փիղը, հսկա՜յ փիղը… Փչեց փիղը, հսկա՜յ փիղը… Հնչեց փողը, երկա՜ր փողը… Փիղը փողը, փողին ձայնը… Փողը փիղը, փիղին ձայնը… Փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի… Փողը փիղի ձայն ունի, փիղը փողի ձայն ունի…

Մուկը

Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ, սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն… Երբ մութ է՝ մո՜ւս մութ, սե՛ւ կ’ըլլայ՝ սե՛փ սեւ… Երբ ալիւրի պարկը մտնէ, ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ… Երբ սուրճ խմէ, սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն… Երբ սիրահար ունենայ, վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն… Երբ բարկանայ, կարմիր կ’ըլլայ՝ կա՛ս կարմիր… Երբ իւղով միւղով տապկուի, նարնջագոյն կը […]