մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ծաղկեփունջ – բ

խաղալ գարնան, ինչպէս նաեւ Համբարձումին Ծաղիկ առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, հաւասար է՝ ծաղկեփո՜ւնջ… Շուշան, մեխակ, վարդ, մանուշակ… Շուշան, մեխակ, վարդ, մանուշակ…

Ծաղկեփունջ – ա

խաղալ գարնան, ինչպէս նաեւ Համբարձումին Ծաղիկ առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, հաւասար է՝ ծաղկեփո՜ւնջ…

Աստղերուն տակ

Մէկիկ մէկիկ կը յայտնուին փայլուն աստղիկները ու մէկիկ մէկիկ կը փակուին աչուկները… Իսկ երբ աչուկները կը փակուին, փայլուն աստղիկներուն տակ բոլոր հանգոյցները կը քակուին…

Մէկը միւսը

Մէկը «ա՛յ» կ՚ըսէ, միւսը՝ «ո՛ւյ», ահաւասիկ երգը պատրաստ է։

Լոռիին արջուկը

Արջուկը այս ձմեռ ալ պիտի քնանայ, մինչեւ որ գարունը հասնի։ Իսկ Լոռին այս գիշեր պիտի կարենա՞յ աչուկները գոցել։ Թերեւս արջուկը օգնէ։

Ճոր ճոր

Մեծ մայրիկը ճօճաթոռին վրայ նստած է․ գիրկի թոռնիկը շուտով մշիկ մշիկ պիտի քնանայ, մինչ պատէն կախուած լուսանկարները, հեռո՜ւ մօտիկ անցեալէն, գոհունակ կը դիտեն գեղեցիկ ներկան։

Նուարդիկին կոճակը

Երբ մկնիկը գայ Նուարդիկին ակռան առնելու, Նուարդիկը ի՞նչ պիտի ուզէ փոխարէնը։ Կոճակ մը բաւարա՞ր է։

Հայելին

Խուճկուլուլուն հայելիի մը առջեւ կը յայտնուի, իսկ հայելիին մէջէն, մէկը իրեն կը նայի… Ո՞վ է արդեօք…

Ցուրտ ձմեռը

Ցուրտ ձմեռ է։ Խուճկուլուլուն ի՞նչ հագնի, որ չմսի։ Գլխարկ մը եւ թաթպան մը բաւարա՞ր են արդեօք։

Լուացքը

Լուացքը ինչպէ՞ս կ՚ընեն։ Տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Ուրի՞շ… քիչ մըն ալ խաղ ու լուացքի պարան։ Հապա՞ եթէ պարանը փրթի ու լուացքը իյնայ աղտոտի… Ուրեմն՝ նորէ՛ն տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Շապիկը, տաբատը, հագուստը եւ անշուշտ՝ փո՛թ փո՛թ փէշը։