Սոխ սխտոր
Խմբային խաղերու շարք Թէ ձեռնախաղ, թէ մարմնախաղ, եւ թէ խմբային խաղ, երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Ա – Սոխ սխտոր Սոխ, սխտոր, սոխ, սխտոր…։ Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Մեծ քիթով… Կզակով…։ Ուսերով… Արմուկով…։ Դաստակով…։ Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ծունկերով…։ Մէկ ոտքով… Միւս ոտքով…։ Մէկ ոտքով եւ […]
Սոխ սխտոր ոտնախաղ
Ոտնախաղ՝ չորսէն ութ տարեկաններու համար…։ Քալել լարախաղացի մը նման, կօշիկին կրունկը փակցնելով կօշիկին քիթին եւ կրկնելով՝ Ես սխտոր եմ, դուն ի՞նչ ես Սոխ եմ…։ Սոխ սխտոր, սոխ սխտոր…։ Խաղը պարզ է. սակայն հաւասարակշռութիւն պահելը ոչ այնքան դիւրին…։ Կը շահի ան, որ իր ոտքով կամ կօշիկով կը փակէ վերջին բացուածքը…։ Կը հոտիս կը հոտիս Անդին գնա՛ […]
Բարձ ու վերմակ, աստղ եւ լուսնակ
Պատանիներու խաղ…։ Խաղալ զոյգ զոյգ, կռնակ կռնակի, թեւերով խաչկապ, ինչպէս սոխ սխտոր՝ նախորդ խաղը…։ Լարը լարախաղացը…։ Բարձ ու վերմակ…։ Վրադ ի՞նչ կայ…։ Աստղ եւ լուսնակ…։ Տակդ ի՞նչ կայ…։ Բարձ ու վերմակ…։ Վրադ ի՞նչ կայ…։ Այս խաղը քիչ մը կը տարբերի նախորդ խաղէն, քանի խաղացողները պէտք է հետեւին ձայնողին հրահանգներուն…։ Ձայնողը պիտի փոխէ խաղին հերթականութիւնը… շուարի […]
Դալար թաթիկ
Ձեռնախաղ՝ երեքէն վեց տարեկաններու համար, թերեւս ալ աւելի…։ Օճառ ու ջուր Օճառ ու ջուր Փրփուր…։ Թաթիկները մաս մաքուր Անուշ ըլլայ ճաշը ուտողին Ձեռքերը դալար ճաշը եփողին Խաղալ ճաշէն առաջ, նստած ճաշասեղանին…։ Դալար թաթիկ ջուր բեր…։ Ես չեմ բերեր դուն բեր…։ Փիլաւ եփեմ, դուն կեր, դուն կեր, դուն կեր…։ Խաղը պարզ է, սակայն զուարճալի, մանաւանդ երբ […]
Խաղ ու մաղ
Խաղ ու մաղ ծրագիրը 27 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են 1-6 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հաւաքող եւ պատրաստողն է Անահիտ Սարգիսեան։ Շարքին խաղերը կը խաղցուին զոյգերով կամ խումբերով։ Խմբային խաղերու պարագային, նախընտրելի է խաղալ բացօթեայ տարածքի վրայ, կամ սրահներու մէջ։ Խաղ ու մաղ շարքը […]
Փթիթ
«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։ «Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր […]
Բառիկ
Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝ խաղացողը ունի վեց փորձի իրաւունք, եւ ամէն բառ մը դնելուն՝ խաղը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տառերուն տեղերը կը համընկնին բուն բառի տառերուն՝ – Եթէ տառը ճիշդ է բայց տեղը սխալ է բառին […]
Մեղրադդում
Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի, թոնիրին մէջը կախեցի… Ղափամա, ղափամա, -դրացիին անունը- մեզի հիւր թող գայ…
Շաբթուան օրերը
Երկուշաբթի՝ Որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ Հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ Մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ Փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ Վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ Թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի՜… Կիրակի՝ Գուլպա՛դ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…
Կաթսային մէջ
Տերեւը՝ որթատունկի տերեւը… Միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Որթատունկի տերեւը, մէջը դրի միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Աջէն ձախէն ծալեցի եւ մատիկ մատիկ փաթթեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի եւ կաթսային մէջ քով քովի շարեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի, կաթսային մէջ քով քովի շարեցի […]