բարձին տակը
եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, մո՛ւկը եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ինչո՞ւ եկաւ․ արամիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․ բարձին տակը բան մը դրաւ… նունիկին ակռան առաւ տարա՜ւ․ բարձին տակը բան մը դրաւ… ատամ ակռայ, վարի ակռայ․ ատամ ակռայ, վերի ակռայ․ ատամ ակռայ, լինտ ու ակռայ․ ատամ ակռայ, չկա՛յ ակռայ․ բերանս բացի, ակռաներս համրեցի․ երկար պոչով մկնիկը քովս […]
գարունը
գարուն եկաւ, մեզի բերաւ, ծիլ ու ծաղիկ․ երգեց ծիտիկ․ ծի՜ւ ծի՜ւ, ծի՛կ ծի՛կ․ եկո՛ւր գարուն, եկո՛ւր եւ բե՛ր շա՜տ ծաղիկներ․ կարմիր կակաչ, շուշան մեխակ, վարդ մանուշակ․ կը բուրէ՜, կը բուրէ՜, լա՜ւ հոտոտէ եւ գուշակէ՛․ բոյնին մէջ ծիտիկը, թաղարին մէջ ծաղիկը․
սազը եւ նազը
մա՛զ, մա՛զ, երկա՜ր մազ, նունիկը ունի երկա՜ր մազ․ սա՛զ, սա՛զ, երկա՜ր սազ, արամիկը ունի երկա՜ր սազ․ նա՜զ, նա՜զ, նա՜զ պար, նունիկը կը պարէ նա՜զ պար․ սա՛զ, սա՛զ, ո՞ւր է սազ, արամիկը չունի երկա՜ր սազ․ մա՛զ, մա՛զ, ո՞ւր է մազ, նունիկը չունի երկա՜ր մազ․ նազպար առանց տարազի՞․
ձուկը
ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, իշխանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, օձաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, ձիաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, շանաձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ քանի՞ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կէտ ձուկ, փորին մէջ հազար ձուկ․
հաւնոցը
պապուկը ունի հաւնոց մը․ հաւնոցին մէջ, պապուկը ունի տասը հաւ․ մէկ հաւէն տասը հաւկիթ․ տասը հաւէն քանի՞ հաւկիթ… համրեցի՜, համրեցի՜, մատիկովս համրեցի՜․ հարիւր հաւկիթ համրեցի, պապուկին հաւնոցին տասը հաւերուն տակ․ ինչո՞ւ հարիւր․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ հազա՛ր․ ինչո՞ւ հազար․ հապա քանի՞․ թող ըլլա՜յ միլիո՛ն․ հաւկիթէ՞ն հաւ, թէ հաւէն հաւկիթ․ մէկ հաւկիթ, տասը հաւկիթ, հարիւր հաւկիթ, […]
լուսաստղը
քար քարի վրայ շարեցի, մատուռ մը շինեցի․ ինչո՞ւ մատուռ․ հապա ի՞նչ․ թող ըլլայ եկեղեցի․ եկեղեցին գմբե՛թ ունի, վարդապետը վեղա՛ր ունի․ վարդապետը վեղա՛ր ունի, եկեղեցին գմբե՛թ ունի․ հրեշտակը փող ունի, աւետի՜ս, աւետի՜ս… լուսաստղը կը փայլի, աւետի՜ս, աւետի՜ս… թագաւո՛ր, թագաւո՛ր, երեք թագաւոր, արեւելքէն կու գան ուղտերով, լեռնէն, ձորէն, անապատէն, փայլուն աստղին հետեւելով․ թագաւո՛ր, թագաւո՛ր, երեք թագաւոր, արեւելքէն […]
բերդին խաղը
բե՛րդ, բե՛րդ, քարէ բե՛րդ, թագաւորը ունի ամուր բե՛րդ․ թագաւորը ըսաւ թագուհիին, թագուհին ըսաւ իշխանին, – կը մօտենայ թշնամին, պիտի փախցնէ իշխանուհին․ ձի, ձի, ճերմակ ձի, ձի, ձի, սեփ սեւ ձի, իշխանը ունի ճերմակ ձի, սեփ սեւ ձի․ թամբը, սանձը, պայտին գամը… ձի, ձի, ճերմակ ձի, ձի, ձի, սեփ սեւ ձի, իշխանը ունի՜… թամբը, սանձը, գամէ […]
տունիկը եւ նունիկը
կար ու չկար, բան մըն ալ չկար… մատիտս առի… քառակուսի տո՛ւփ մը գծեցի… տուփ տունիկ եւ եռանկիւն տանիք… տուփ տունիկ, եռանկիւն տանիք եւ դուռ պատուհան… ծխնելոյզ մը տանիքին վրան… կար ու չկար, բան մըն ալ չկար… մատիտս առի, պարտէզով տունիկ մը գծեցի… պարտէզին մէջ՝ արեւածաղիկ… յանկարծ դուռը բացաւ նունիկը, ցնցուղով ջրեց արեւածաղիկը… ակա՜ս մակաս, ի՞նչն […]
հտպիտը եւ գլխարկը
կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․ կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստակ․ ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ… կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․ կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ կարկանդակ․ ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ, կարկանդակ… կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ․ կարմիր քիթ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ չորս ջութակ․ ծակ գլխարկէն՝ […]
դհոլը
տամ պըտա տըմպա դհոլը, առի ելայ տանիքը, խաղ կանչեցի տանիքէն, ձայնս անցաւ… լեռներէ՜ն, լեռներէ՜ն… ձորերէ՜ն, ձորերէ՜ն… ծովերէ՜ն, ծովերէ՜ն… հովերէ՜ն, հովերէ՜ն… ֆրանսայէ՜ն, ֆրանսայէ՜ն… եգիպտոսէ՜ն, եգիպտոսէ՜ն… հայաստանէ՜ն, հայաստանէ՜ն… երկաթէ ձողերը շարէ՛, էֆելի աշտարակը շինէ՛․ քար քարի վրայ շարէ՛, փարաւոնին բուրգերը շինէ՛․ մասիսը հո՛ս է, սիսը ո՞ւր է․