մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Փիղը

Փիղը փողը, երկա՜ր փողը… Փողը փիղը, հսկա՜յ փիղը… Փչեց փիղը, հսկա՜յ փիղը… Հնչեց փողը, երկա՜ր փողը… Փիղը փողը, փողին ձայնը… Փողը փիղը, փիղին ձայնը… Փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի… Փողը փիղի ձայն ունի, փիղը փողի ձայն ունի…

Մուկը

Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ, սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն… Երբ մութ է՝ մո՜ւս մութ, սե՛ւ կ’ըլլայ՝ սե՛փ սեւ… Երբ ալիւրի պարկը մտնէ, ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ… Երբ սուրճ խմէ, սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն… Երբ սիրահար ունենայ, վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն… Երբ բարկանայ, կարմիր կ’ըլլայ՝ կա՛ս կարմիր… Երբ իւղով միւղով տապկուի, նարնջագոյն կը […]

Ճանճին պատմութիւնը

Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ո՛չ… Ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ըսի ո՛չ… Ըսի ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Մուկի պո՛չ… Մուկի պոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Փը՛շտ փը՛շտ…

Ճնճղուկը

Ճնճղուկը ճստիկ էր, սակայն ձայնը ամբողջ աշխարհը կը լսէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը մի՛շտ կ’երգէր, սակայն երգել չէր գիտեր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ կ’երգէր, բոլորին գլուխը կ’արդուկէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ մխալ մի՛շտ երգեց, օր մըն ալ յանկա՛րծ՝ գեղգեղե՜ց… Ծի՛ւ, ծի՛ւ ծիւ ու ծիւ… […]

Հաւնոցի խաղ

Այն ո՞վ է… Երազին մէջ կուտ կը տեսնէ, կո՛ւտ կ’ուտէ, հաւկի՛թ կ’ածէ… Կը՛տ կը՛տ կըտակ, հաւկիթ մը տաք տաք, երկու հաւկիթ տաք տաք, երեք հաւկիթ տաք տաք, չորս հաւկիթ տաք տաք, հինգ հաւկիթ տաք տաք, վեց հաւկիթ տաք տաք, եօթը հաւկիթ տաք տաք, ութ հաւկիթ տաք տաք, ինը հաւկիթ տաք տաք, տասը հաւկիթ տաք տաք՝ […]

Խխունջիկը

Տրտում տխուր խխունջիկ կը սողայ լռիկ մնջիկ… Կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… Տրտում տխուր խխունջիկ չունի կօշիկ եւ տոտիկ, կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…

Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Իշուկի պո՛չ… Իշուկիս իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը… Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր… Ընկեր, […]

Եօթը խեչափառ

Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ… Խաչ, խուչ, խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս քայլ դէպի ձախ… Խաչ, խուչ. խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Մենապար՝ չէ, չէ… Նազպար՝ չէ, չէ… Բերդպար՝ ինչո՞ւ չէ… Շուրջպար՝ ի հարկէ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս […]

Բոյնը

Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Իսկ մայրիկը մտահոգ է… Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է… Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Հայրիկն ալ […]

Ագռաւին պանիրը

Ագռաւ է, ագռաւ է, սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ ագռաւը պանիր գտաւ, ծառին ճիղին թառեցաւ… Խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ, ագռաւին նայեցաւ ու ըսաւ… – Ագռաւիկ, ագռաւիկ,     անուշիկ, անուշիկ,     երգ մը կ’երգե՞ս, սիրունիկ… Սեւ ագռաւը ուրախացաւ, կտուցը բացաւ՝ ղա, ղա, ղա՜… Ե՜ւ… Կտուցէն ինկաւ պանիրը, […]