մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։ Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը […]

Վլում

Վլում հարթակ մըն է ելեկտրոնային եւ ձայնային գիրքերու։ Բջիջային հեռաձայնի ծրագիրներու միջոցաւ կարելի է գտնել եւ գնել զանազան հետաքրքրական գիրքեր, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով։ Վլում կը ներկայանայ որպէս հսկայական թուային գրադարան մը, որ հասանելի է iOS, ե՛ւ Android համակարգերու վրայ։ Հրատարակիչներու կողմէ տրամադրուած հարիւրաւոր գիրքերու թուային տարբերակները Վլում կը ներկայացնէ ընթերցողներուն։ Վլում ստեղծուած է […]

Բագին

Բագին 1963 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող գրական պարբերաթերթ մըն է։ Ներկայիս՝ հանդէսին խմբագիրն է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։ Տարեկան 3-4 թիւ հրատարակուելով, Բագին ունի հսկայական արխիւ։ 2008-էն ի վեր թիւերը կարելի է գտնել Բագինի կայքէջին, իսկ աւելի հին արխիւը ամբողջութեամբ տրամադրելի է Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մամլոյ բաժինէն։ Համազգայինի կողմէ հրատարակուող Բագինը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ […]

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։ 20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն […]

Արաս

«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»: Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։ Աշխարհի ամենէն կարեւոր […]

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Աստղիկը դպրոցական մըն է։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ընկերուհիները իրմէ աւելի մեծ կ՚երեւին։ Ինք եւս պէտք է մեծնայ շուտով։ «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքը ընթերցողին կը հրամցնէ պատանի դպրոցականի մը առօրեայ արկածախնդրութիւնները եւ իր գտած հնարամիտ լուծումները։ Գիրքը արժանացած է 2021-ի Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակին։

Բոպիկ տոտիկ

Այս հաստակազմ գրքոյկը կը հետեւի բոպիկ տոտիկներով մանուկին։ Առտուան բարի լոյսէն մինչեւ իրիկուան բարի գիշերը։ Բոպիկ տոտիկ կարելի է նաեւ ունկնդրել հեղինակին ընթերցանութեամբ, իր YouTube-ի էջին վրայ՝ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։

Մետաղէ երազներ

Երիտասարդներ, երազներ եւ մետաղէ երազներ։ Կրնա՞յ մարդ իր երազէն աւելի գերադասել որեւէ բան։ Հապա՞ եթէ երազները չիրականանալու վախը մտնէ մարդուն մէջ։ Կ՚ուզես փախուստ տալ ամէն ինչէն։ Ամբողջ ամառ մը կը բանտարկուիս սենեակիդ մէջ։ Անձնասպանութեան կրնա՞յ հասցնել։ Ընկերները կը մնան սակայն…։ «Ամէն ինչ օքէյ պիտի ըլլայ, կը յաղթահարենք ասիկա, դուն միայն վստահէ՛ ինծի»։

Թէ ինչպէս…

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց […]

Նշանս

Հրաչին սրունքին վրայ ծննդեան նշան մը կայ։ Ան բնա՛ւ չի սիրեր իր այս վարդագոյն նշանը, նոյնիսկ կ՚ատէ՛ զայն։ Եւ հակառակ զայն թաքցնելու իր բոլոր ճիգերուն՝ նշանը անհետանալու միտք չունի։ Եւ Հրաչը ընկերները տպաւորելու համար իր նշանին կախարդական ծագումին մասին պատմութիւններ կը յօրինէ… բայց բան չի փոխուիր, ան տակաւին նոյնքան կ՚ատէ իր նշանը։ Յանկարծ օր մը […]