տունը եւ շունը
շուն, շուն, տուն, տուն․ չալիկը շուն է, չալիկը տուն մը կ՚ուզէ… արամիկը կացինով փայտը կը կտրէ՝ չրը՛խկ, չրը՛խկ, սղոցով փայտը կը սղոցէ՝ ղը՛րթ․ ղը՛րթ… մուրճով գամը կը գամէ՝ թը՛խկ, թը՛խկ, աքցանով ծուռ գամը կը հանէ՝ չը՛րթ… կը սղոցէ՜, կը գամէ՜, չալիկին տո՛ւն մը կը շինէ, եօթը գոյնով կը ներկէ․ չալիկը շա՜տ ուրախ է․ կը հաջէ, […]
նունիկին արեւածաղիկը
նունիկը ունէր ցնցուղ մը եւ թաղար մը․ հողով լեցուց թաղարը, մէջը դրաւ հունտիկ մը․ ցնցուղով ջրեց հունտիկը ու երկա՜ր սպասեց․ մէկ օր, երկու օր… քանի՞ օր անցաւ, չգիտցաւ, յանկարծ տեսաւ ծիլ ծիլիկ մը, ուրախացա՜ւ նունիկը՝ հոփինա՜… ցնցուղով ջրեց ծիլ ծիլիկը ու երկա՜ր սպասեց․ մէկ օր, երկու օր… քանի՞ օր անցաւ, չգիտցաւ, յանկարծ տեսաւ կոկոն մը, […]
ալին զալին տայ
հովը ծովը, ոսկի արեւը, մա՜նր աւազը, ալին զալին տա՜յ, ալին զալին տա՜յ… ծովուն վրայ նաւ մը կայ… նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մա՜նր աւազը, ալին զալին տա՜յ, ալին զալին տա՜յ… նաւուն վրայ թռչուն մը կայ․ կուրծքը ճերմակ, թեւերը սեւ, իսկ պոչիկը մկրատաձեւ․ ծիծեռնակը` նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մա՜նր աւազը, ալին […]
ձուկ ձուկ
ծովուն մէջ զանազան, զարմանազան ձուկեր… ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, քառակուսի ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, եռանկիւն ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, քառանկիւն ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, շեղանկիւն ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կլոր ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, հաւկթաձեւ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, խաչաձեւ ձուկ․ ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, կամարաձեւ ձուկ․ կապոյտ եւ դեղին՝ կանանչ կլոր եւ կլոր՝ հաւկթաձեւ կարմիր եւ դեղին՝ նարնջագոյն քառակուսի եւ քառակուսի՝ քառանկիւն ծովուն մէջ […]
հաւուկը
այն ո՞վ է… կուտ կ՚ուտէ, հաւկիթ կ՚ածէ, կուտ կ՚ուտէ, հաւկիթ կ՚ածէ… հաւուկն է, հաւնոցին մէջ կուտ կ՚ուտէ, հաւկիթ կ՚ածէ, կուտ կ՚ուտէ, հաւկիթ կ՚ածէ… ճերմակ հաւուկ, գիրուկ միրուկ, անշուշտ ածեց հաւկիթ մը, ճերմակ հաւուկ, գիրուկ միրուկ, թուխս նստաւ տաքո՜ւկ տաքուկ․ անցաւ երկա՜ր ժամանակ․ օր մըն ալ յանկա՛րծ, չը՜րըխըկը, մէջէն ելաւ ճուտիկ մը․ – կը՛տ կը՛տ կըտա՜կ, […]
ցոյց ցոյց ժամացոյց
ցո՛յց, ցո՛յց, ժամացոյց․ երկար բարակ սլաք մը, կլոր կլոր կը դառնայ, վայրկեանները ցոյց կու տայ․ կարճուկ մարճուկ սլաք մը, կամաց կամաց կը դառնայ, ժամերը ցոյց կու տայ․ կէսօր է․ ճաշելու ժամն է․ բարի ախորժակ… կէս գիշեր է․ երազելու ժամն է․ անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ… ցո՛յց, ցո՛յց, օրացոյց․ նինինուին տարեդարձը՝ ապրիլ մէկ ցո՛յց, ցո՛յց, կողմնացոյց․ սլաքը […]
գորտիկը
երկար պոչով շերեփուկը կը լողա՜ր… պոչը աջ, պոչը ձախ, շերեփուկը դէպի առաջ… շարա՜ն, շարա՜ն օրե՜ր անցան, շերեփուկին տոտիկնե՛ր բուսան․ անհաւատալի՛ բան․ շարա՜ն, շարա՜ն օրե՜ր անցան, շերեփուկին թաթիկնե՛ր բուսան․ անհաւատալի՛ բան․ տոտիկները, թաթիկնե՛րը, սակայն ո՞ւր է երկար պոչը… շերեփուկը գորտի՛կ դարձաւ ջուրէն ելաւ, կռկռաց․ – պոչիկս ո՞ւրր է, պոչիկս ո՞ւրրր է… ոչ, պոչ, ոոոչ, պոչ… գո՛րտ, […]
մժեղ մոծակ
վերմակը, փետուրէ բարձը, սաւանը, անկողինը, իսկ մահճակալին տա՞կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամեն գիշեր կը նուագէ չորս թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը նուագէ երեք թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը նուագէ երկու թելով ջութակ, թա΄կ… մահճակալիս տակ կայ մժեղ մոծակ, ամէն գիշեր կը […]
սոխ սխտոր
մէկը ըսաւ` ա՛յ, միւսը ըսաւ` ո՛ւյ… ե՜ւ… ա՛յ, ո՛ւյ… վա՛յ, վո՛ւյ… ա՛խ, օ՛խ… սո՜խ… ա՛յ… սխտո՛ր… ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր… չըխ, չըխ, չըխ, չըխ․ չորս չըխ, չըխ, չըխ․ երեք չըխ, չըխ․ երկու չըխ․ մէկ այ ույ վայ վույ ախ օխ սոխ այ ո՞վ կը նուագէ դաշնակ… այ ույ վայ […]
տըզ պըզ
այն ո՞վ է… ծաղիկէ ծաղիկ կը թռչի, փեթակ ունի բոյն չունի… շուշան, մեխակ, վարդ ,մանուշակ ե՜ւ… շիփ շիտակ դէպի փեթակ… պատրաստածը անուշ է, սակայն պոչիկը փուշ է․ մեղրը ուտեմ մատիկ մատիկ, չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ… համը տեսայ, համը տեսայ, պնակին տակը տեսայ… տըզ… պըզ… տըզ տըզ… պըզ պըզ… տըզ պը՞զ… տըզ պըզ… ե՜ւ վը՜զ… վը՜զ… […]