մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան

Կարօն, Լէօն, Հեղինէն, Այլինը, Պետիկը եւ միւս աղջիկները եւ տղաքը։ Բոլորն ալ կ՚ապրին այս քաղաքին մէջ, բոլորն ալ երազներ ունին, կը հաւատան իրենց երազներուն։ Երազները կը կորսուի՞ն։ Հապա՞ եթէ մեռնին անոնց հաւատացած սուփըր հերոսները։ Եօթը պատմուածք մանկութեան, բայց աւելի ճիշդ՝ կորսուած մանկութեան մասին։

Այն օրը, երբ…

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր…։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ […]

Փոքրիկ Նիկոլը

Փոքրիկ Նիկոլը ամենէն չարուկ, ամենէն խելացի եւ նոյն ատեն ամենէն զգայուն տղան է։ Դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ արկածներ կ՚ունենայ իր ընկերներուն հետ։ Ընթերցողները պիտի սիրեն փոքրիկ Նիկոլը եւ անոր հետ պիտի անցնեն զուարթ եւ հաճելի ժամանակ։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը վեց պատմուածքներ կը ներկայացնէ, որոնք առնուած են Փոքրիկ Նիկոլի «Դպրոցական Վերամուտը» գիրքէն։ Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ «Ֆրանսայի […]

Յակոբներ

Գրիգոր Պըլտեան “Գիշերադարձ” յորջորջուած վիպաշարին 9րդ միաւորն է այս մէկը։ Նախորդ միաւորներ էին՝ Սեմեր (1997), Հարուածը (1998), Նշան (2001), Պատկերը (2003), Անունը լեզուիս տակ (2003), Երկուք (2006), Շրջում (2012) եւ Կրկնագիր մարդը (2015)։ Լրագրական ասպարէզի սեմին, Պէյրութ վերադարձած պատմասանը թերթի մէջ տպուած հին մահազդէ մը մեկնելով, հետախուզութեան մը կը ձեռնարկէ։ Անհետացողին դէմքը, կեանքը, ինքնութիւնը կ՚ուզէ […]

Կրկնագիր մարդը

Գիրգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» վիպաշարքին 8րդ միաւորն է այս մէկը։ Հին Ազթեքներու մասնագէտ, տարիներէ ի վեր անոնց նշանագրերը եւ պատկերագրութիւնը վերծանելու գործին լծուած ազգագրագէտ գիտուն մը (որ սակայն նոյն այդ Ազթեքներուն եւ անոնց անհետացած լեզուին ժառանգորդը կը նկատէ ինքզինք) կ՚ուզէ իր ինքնակենսագրութիւնը գրել կամ գրել տալ։ Այդ ընելու համար՝ կը դիմէ պատմասանին, որ լրագրական մարզին հետեւող […]

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրիգոր Պըլտեանի այս հատորը հայերէն լեզուով տարբերակ մը կը հրամցնէ ֆրանսերէն գրուած եւ լոյս տեսած աւարտաճառի մը, Cinquante ans de littérature arménienne en France. Du même à l’autre (CNRS Editions, Փարիզ, 1995)։ Հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Արփի Թոթոյեանի ձեռամբ, ու վերաշադրուած է հեղինակին կողմէ։ Յիսուն տարուան այդ ժամանակաշրջանը բաժնուած է հինգ հատուածներու («Կազմաւորման տարիներ», «Ստեղծագործ […]

Ընդառաջում

Հատորը կը պարունակէ 60-ի շուրջ կարճ արձակներ, գրուած 1984-ի եւ 2008-ի միջեւ, ոմանք վերաշխատուած աւելի ուշ։ Քառորդ դարու ժամանակահատուածի մը երկայնքին գրուած այս կտորները առաջին ակնարկով՝ «արձակ բանաստեղծութիւն» կոչուած գրական սեռին կը համապատասխանեն, բայց խորքին մէջ՝ ամբողջութեամբ կը վերանորոգեն այդ սեռը։ Յիշատակներ կը պեղեն, քաղաքէ քաղաք կը պտտին, գրողին ընկերակցող տետրակներուն պարունակութիւնը կը հրամցնեն, գրելու […]

Տարմ

Տրամէն եւ Մարտէն ետք (լոյս տեսած 1980ին եւ1997ին), ահաւասիկ Գիրգոր Պըլտեանի քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները հաւաքող երրորդ հատորը։ Ներկայ հատորին մէջ ընդգրկուած յօդուածներու մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած էր ատենին Փարիզ տպուող Յառաջ թերթին «Միտք եւ արուեստ» գրական յաւելուածին մէջ, ուրեմն (մէկ հատիկ բացառութեամբ)՝1995էն մինչեւ 2009։ Քանի մը հատը նաեւ լոյս տեսած են Գրականագիտական հանդէսին […]

Շրջում

Շրջում Գիրգոր Պըլտեանի վիպաշարքին 7րդ միաւորն է։ Այս վէպէն սկսեալ՝ շարքը անուն կը ստանայ՝ «Գիշերադարձ» եւ ժանրային յատկանշում մը, քանի որ միաւորները կը ներկայացուին այլեւս որպէս «պատումներ»։ Տարին՝ 1968, քիչ մը առաջ, քիչ մը ետքը։ Մայիսեան յեղափոխութենէն առաջ եւ վերջ։ Փարիզի պատերուն վրայ գրուած պատգամները տեղ տեղ կ՚երեւին վէպին մէջ։ Պատմասանը Փարիզ եկեր է ապրելու, […]

Կայաններ

Սոյն հատորը ծաղկաքաղի ձեւով իր մէջ կ՚ամփոփէ Վահէ Օշական (1922-2000) բանաստեղծական լման վաստակը, ընտիր հատոածներ հրամցնելով հեղինակին գրեթէ բոլոր քերթողական հատորներէն, թիւով ութը. Պատուհան (1954), Քաղաք (1963), Քառուղի (1971), Ահազանգ (1980), Խուճապ (1983), Արուարձաններ (1991), Ինքնութիւն (1996), Ճամբորդը (յետ մահու, 2006)։ Ասոնցմէ միայն Քաղաքը տպուած է հոս ամբողջութեամբ։ Հատորին խմբագիրն է Գրիգոր Պըլտեան։ Սկիզբը դրուած […]