լուկ լուկ հանելուկ
այն ո՞վ է․․․ պոչը ծաղի՞կ է, թէ փուչիկ է․ գուշակելը դիւրին չէ՜, դժուա՛ր է․ սիրամա՛րգն է, սիրուն պոչը ծաղկեփո՛ւնջ է․ պոչը գոց, պոչը բաց, կը քալէ հպա՜րտ հպա՜րտ․․․ այն ո՞վ է․․․ ինքը մի՛ս է, հագուստը փո՛ւշ է․ գուշակելը դիւրին է, դժուար չէ՛․ փո՛ւշ է, փո՛ւշ է, փո՛ւշ փո՛ւշ ոզնին է, շոյուի՜լ կ՚ուզէ․ փո՛ւշ է, փո՛ւշ […]
ընձուղտը
այն ո՞վ է․․․ երկա՜ր տոտիկ, երկա՜ր վզիկ․ ընձո՛ւղտն է․ երկա՜ր տոտիկ, երկա՜ր վզիկ․ տեղը նե՛ղ է, վիզը ծո՛ւռ է․ շապիկ հագած, փողկապ կապած, պարոն ընձուղտն է․ պարոն ընձուղտը շապիկ չունի, փողկապ չունի․․․
ագռաւը
կռա՛ւ, կռա՛ւ, ծառէ՛ն թռա՛ւ սե՜ւ․․․ կռա՛ւ, կռա՛ւ, ծառէ՛ն, ճիւղէ՛ն, բոյնէ՛ն թռա՛ւ սեւ ագռա՜ւ․․․ ծի՛ւ, ծի՛ւ, մատնոցիկ, սեւ ագռաւը բռնեցինք․ ծի՛ւ, ծի՛ւ, մատնոցիկ, սեւ ագռաւը փետտեցինք․ իւղով միւղով տապկեցինք, թը՜ռ թռա՜ւ․․․ սե՛ւ է, սե՛ւ է, ագռա՛ւ է, ագռա՛ւ է, պանի՛ր է, պանի՛ր է․ սեւ ագռաւը պանիր գտաւ, ծառին ճիւղին թառեցաւ․ խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ, ագռաւին նայեցաւ ու […]
գայլը
մեր գիրքին մէջ կար չորս ոչխար մէ՜, մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ մնա՜ց, մնա՜ց, քանի՞ ոչխար․ մեր գիրքին մէջ մնաց երեք ոչխար մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ մնա՜ց, մնա՜ց, քանի՞ ոչխար․ մեր գիրքին մէջ մնաց երկու ոչխար մէ՜, մէ՜․․․ անօթի գայլը եկաւ, ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․ […]
մուտք
ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․ փուչիկները ուռեցուցի, որ մեր խաղը սկսի․
բարեւ
պատուհանը գո՛ց է, պատուհանը բա՛ց է. այն ո՞վ է. պըճինկօ՛ նունիկն է, արամիկին քոյրիկն է. պըճինկօ՛, արամիկն է, նունիկին աղբարիկն է. նունիկ, նունիկ, խելօ՜ք քոյրիկ. սանտրով մազը կը սանտրէ, ցնցուղով արեւածաղիկը կը ջրէ… արամիկ, արամիկ, խենդո՛ւկ աղբարիկ. նունիկին մազը կը քաշէ եւ ցնցուղը կը փախցնէ… լաչի՛կ, լաչի՛կ, խելօ՜ք փիսիկ. միաո՜ւ, միաո՜ւ կը մլաւէ, ժապաւէնը կը […]
արեւ անձրեւ ծիածան
արե՛ւ ելաւ, ի՜նչ լաւ եղաւ. անձրե՛ւ եկաւ, ի՜նչ լաւ եղաւ. արե՛ւ ելաւ, անձրե՛ւ եկաւ. անձրե՛ւ եկաւ, արե՛ւ ելաւ. գլուխս դարձաւ. եօթը գոյնով ծիածան… անձրեւ եկաւ, արե՛ւ ելաւ. արե՛ւ ելաւ, անձրե՛ւ եկաւ, ծիածա՛նը ո՜վ տեսաւ. կարմիր ինչպէս շապիկս. նարնջագոյն ինչպէս փողկապս. դեղին ինչպէս տաբատս. կանանչ ինչպէս կօշիկս. կապոյտ ինչպէս գլխարկս. մանիշակագոյն ինչպէս կոճակս. արեւ եւ անձրեւ, […]
անօթի լուսինը
մո՜ւթ է, մո՜ւս մութ է, ինչո՜ւ մո՜ւս մութ է… լուսինը մահիկ է, մահիկ լուսինը նիհար է, նիհար լուսինը տխուր է, տխուր լուսինը անօթի է… աստղիկները միասին կարկանդակ մը թխեցին… կերա՜ւ, կերա՜ւ լուսինը, համով հոտով, ախորժակով, մատիկներով, կերաւ կարկանդակին կէսը, դարձաւ կիսալուսին մը. կերա՜ւ, կերա՜ւ լուսինը, համով հոտով, ախորժակով, թաթիկներով, կերաւ կարկանդակին մի՛ւս կէսը, դարձաւ կլորիկ […]
թրթուրիկ կամ թիթեռնիկ
կիրակի օր մը, պզտիկ թրթուրիկը կերաւ կանանչ տերեւ մը, համը մնաց բերանը… կրծե՜ց, կրծե՜ց թրթուրիկը… երկուշաբթի՝ երկու տերեւ… երեքշաբթի՝ երեք տերեւ… չորեքշաբթի՝ չորս տերեւ… հինգշաբթի՝ հինգ տերեւ… ուրբաթ օր՝ բազմաթիւ տերեւներ… կշտացա՜ւ շատակերը, խոշորցա՜ւ թրթուրիկը, դարձաւ գիրուկ թրթուր մը. շաբաթ օրը՝ գիրուկ թրթուրը թել թել խոզակ մը հիւսեց… խոզակին մէջ կծկուեցաւ, մշի՜կ մշիկ քնացաւ… շա՜տ […]
խխունջիկ եւ խլուրդիկ
այն ո՞վ է… տունիկը շալկած, կը սողայ կամա՜ց կամաց… տրտում տխուր խխունջիկ, կը սողայ լռիկ մնջիկ․ կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… տրտում տխուր խխունջիկ, չունի կօշիկ եւ տոտիկ․ կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ… այն ո՞վ է… կը փորէ՜, կը փորէ՜, ակնոցը կը փնտռէ… խլուրդի՛կն է, կը փորէ՜, կը փորէ՜, […]