մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

սեւուլիկ սարդիկը

երդիքէն իջաւ սարդիկ մը․ սահեցաւ վար, վար, վար, բարձրացաւ վեր, վեր, վեր․ գնաց դէպի աջ, աջ, աջ․ դարձաւ դէպի ձախ, ձախ, ձախ… վարէն անցաւ թրթուրիկը, վեր նայեցաւ ու ըսաւ․ – սարդի՛կ, սարդի՛կ, վա՛ր իջիր,   եկուր խաղա՛նք միասին… – շա՜տ զբաղած եմ ընկերս,   ժամանակ չունիմ քերելու գլուխս,   պէտք է հիւսեմ ոստայնս… պատասխանեց սեւուլիկ սարդիկը, շարունակելով հիւսքը, […]

կօշիկը եւ կօշիկը

կօշիկ, կօշիկ, կարմիր կօշիկ․ կօշիկ, կօշիկ, կապոյտ կօշիկ․ կարմիր կօշիկը ըսաւ կապոյտ կօշիկին․ – ես կրունկ ունիմ,   դուն չունիս․ կապոյտ կօշիկը ըսաւ կարմիր կօշիկին․ – ես կապ ունիմ,   դուն չունիս․ կա՛պ ունիս, կրունկ չունիս․ կրունկ չունիս, կա՛պ ունիս․ կօշիկները կատղեցան, կօշիկները կռուեցան․ կրո՛ւնկ ունիս, կապ չունիս․ կապ չունիս, կրո՛ւնկ ունիս, կօշիկները կատղեցան, կօշոիկները կռուեցան․ եկաւ […]

կար ու չկար

կա՜ր ու չկար, բա՛ն մըն ալ չկար․ մաման ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ,   սառնարանին մէջ   ճաշիկ չկայ․ պապան ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ,   գրպանիս մէջ   դրամ չկայ․ նունիկը ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ,   ցնցուղիս մէջ   ջուր չկայ․ արամիկը ըսաւ․ – չկա՜յ, չկա՜յ,   դպրոցիս մէջ   արձակուրդ չկայ․ կա՜ր ու չկար, բա՛ն մըն ալ չկար, որովհետեւ չարուկ չա մը կար․ […]

տանձի ծառ

մեր տունը, պարտէզը եւ տանձի ծառը․ տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… տանձի ծառէն տա՛նձ ինկաւ… մեր տանը առջեւ պարտէզ կայ․ պարտէզին ծայրը տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի ծառին ծայրը տասը ծանր տանձ․ մեր պարտէզին ծայրը կայ, տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի ծառին ծայրը տասը ծանր տանձ․ ձեր պարտէզին ծայրն ալ կա՞յ, տասը տանձի ծառ․ տասը տանձի […]

մշտադալար եղեւինը

տարին ունի չո՛րս եղանակ․ գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ․ գարուն է, ծառին վրայ ծաղիկնե՜ր… ամառ է, ծառին վրայ խնձորնե՜ր… աշուն է, ծառին վրայ կարմիր դեղին, նարնջագոյն տերեւնե՜ր… ձմեռ է, ծառին վրայ ձիւնի փաթիլնե՜ր… իսկ անտառին եղեւինը, գարուն, ամառ, մի՛շտ կանանչ է… աշուն, ձմեռ․ մի՛շտ դալար է, մշտադալար եղեւին է… եղեւինը մշտադալար դարձաւ տօնածառ, շուրջը երգ ու […]

մուտք

ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․ խնձորենի՜, խնձորենի՜, քանի՞ խնձոր ունի․

բարեւ

պատուհանը գոց է, պատուհանը բաց է․ այն ո՞վ է․ պըճինկօ՛, նունիկն է, արամիկին քոյրիկն է․ պըճինկօ՛, արամիկն է, նունիկին աղբարիկն է․ բարե՛ւ, բարե՛ւ, վրադ ծագի արեւ․ արեւ, արեւ, ոսկի արեւ, մեզի կու տաս, ոսկի բարեւ․ առտու կանուխ կ՚արթննաս, ամպիկին հետ կը խաղաս, կը պահուըտիս, դուրս կու գաս, կը ժպտիս ու կը խնդաս․ ո՞ւր է արեւը․ […]

գիշեր բարի

աստղ եւ լուսին մի՛շտ միասին․ երկինքին մէջ աստղ եւ լուսին, ես ալ մտնեմ անկողին․ անկողինը մահճակալին վրայ, բարձը անկողինին վրայ, գլուխս բարձին վրայ․ գիշեր բարի բոլորին, ոսկի երազ շո՛ւտ քնացողին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, մահի՛կ լուսին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, կիսալուսին․ լուսի՛ն, լուս՛ին, լիալուսին, ոսկի թագով թագաւոր լուսին․ ոսկի թագը առանց ադամանդի՞․

պանիրի պատմութիւն

պանի՜ր, պանի՜ր, դեղի՛ն պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, ծա՛կ ծա՛կ պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, հոտա՛ծ պանիր․ պանի՜ր, պանի՜ր, մուկի՛ պանիր․ մուկի՛, հոտա՛ծ, ծա՛կ ծա՛կ, դեղի՛ն պանիր․ հոտը առաւ մկնիկը, վազեց գտաւ պանիրը․ ուր պանիր կայ, հոն մուկ կայ․ կրծե՜ց, կրծե՜ց մկնիկը, կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը, համով հոտով, ախորժակով, մատիկներով, մնաց պանիրին կէսը․ մեծցա՜ւ փորիկը, չկշտացա՜ւ շատակեր մկնիկը․ կրծե՜ց, կրծե՜ց […]

անկիւնախաղ

սմբատը բա՛տ բա՛տ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պարոն քառանկիւնը եկաւ ու ըսաւ «բարե՛ւ»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պարոն քառակուսին եկաւ ու ըսաւ «ապրի՛ս»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, տիկին եռանկիւնը եկաւ ու ըսաւ «ծափի՛կ»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, տիկին կլորիկը եկաւ ու ըսաւ «պաչի՛կ»․ պարոն քառակուսին աջ կողմէն, տիկին եռանկիւնը ձախ կողմէն, պաչիկ մը աջէն, պաչիկ մը ձախէն, քաշեցի՜ն, քաշքշեցի՜ն, տիկին կլորիկը […]