Հայ կեանք եւ գրականութիւն Բ.
«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» երկրորդ հատորը կը բովանդակէ շարքի Բ. եւ Գ. գիրքերը (11րդ եւ 12րդ կարգերուն համար նախատեսուած)։ Ան կը պահէ շարքի հիմնական առաջադրանքները՝ պատշաճեցում մշակութային կրթական նոր պայմաններուն եւ համակարգերուն, հայ գրականութեան ընկալում որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելի։ Բ. Գիրքը կը հետեւի հայ նոր գրականութեան ընթացքին՝ սկիզբէն մինչեւ կենդանի այսօրը, նախորդէն աւելի լայն […]
Հայ կեանք եւ գրականութիւն Ա.
«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը ձգտի հայ գրականութեան դասաւանդումը դարձնել աւելի ներդաշնակ մշակութային ներկայ իրադրութեան եւ կրթական նոր համակարգերուն հետ։ Իւրաքանչիւր դասագիրք կ’ընդգրկէ հայ նոր գրականութեան ամբողջ ընթացք մը, սկիզբէն՝ մինչեւ մեր օրերը։ Դասագիրքերու հեղինակն է գրականագէտ Յարութիւն Քիւրքճեան։ Երկրորդականի դասարաններուն ուղղուած այս դասագիրքը պատրաստելու ատեն՝ հեղինակին նպատակը եղած է վերի կարգերուն տրամադրելի դարձնել […]
Հայ կեանք եւ գրականութիւն
Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի […]
Ծիրանի Անուշ
Ծիրանին եւ Անուշը երկուորեակ քոյրիկներ են. երբ իրարմէ ջղայնանան, կը սկսին իրարու նոր անուններ տալ։ Ծիրանին կը դառնայ ազատքեղ, Անուշը՝ լեղի, եւ այսպէս կը շարունակուի. բարեբախտաբար ամեն ինչ լաւ կ՚աւարտի։ Նախատեսուած է 3-8 տարեկաններու համար։