մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

խնձոր, սխտոր

սոխ ու սխտո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, տա՛նձ ու խնձոր… տանձ ու խնձո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, սո՛խ ու սխտոր… մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, երեք հատ տանձ, երեք հատ խնձոր… մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, […]

սիրուն աշուն

հովանոցը բա՛ց, հովանոցը գո՛ց, կ՚ուզեմ երթալ դպրո՛ց… անձրե՛ւ է, անձրե՛ւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… հոգս չէ՛, հոգս չէ՛, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… կարմիր, դեղին եւ կանանչ… կանանչ, դեղին եւ կարմիր… աշուն է, աշո՜ւն, սիրուն է, սիրո՜ւն…

գրպանիս մէջ

գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը չամիչ, քի՛չ է, քի՛չ… գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը տասը, տասը չամիչ, յետոյ ի՞նչ… գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութը, ինը տասը, տասը չամիչ, մէկ […]

տունը, ծուխը, ապուրը

ծաղիկ է, գարո՜ւն է… խնձոր է, ամա՛ռ է… կարմիր, դեղին տերեւ է, աշո՜ւն է… ծաղիկ չկա՛յ, խնձոր չկա՛յ, տերեւ չկա՛յ, ծիտիկ չկա՛յ, ձմե՜ռ է… մէկ երկու, մշի՜կ մշիկ կը քնանաս, երեք չորս, կուկուլիկո՜ւ կ՚արթննաս, հինգ վեց, դուռը կը բանաս, եօթը ութը, ո՞ւր կ՚երթաս, ինը տասը, դպրո՜ց… տունը, նո՛յնը, միեւնո՛յնը… տունը, նոյնը, միեւնո՞յնը… ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, […]

ցաւը եւ բժիշկը

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր բժիշկ մը… կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր ե՜ւ… խոշոր քիթով բժիշկ մը… կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՜յ փորիկս կը ցաւի… ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր, խոշոր քիթով եւ գանգուր մազով բժիշկ […]

ձիւնը եւ ձմեռը

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, ձի՛ւն կու գայ, կը մսի՜մ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, գլխարկ  չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը ե՜ւ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, վզկապ  չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը, վզկապը ե՜ւ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, թաթպան չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը, վզկապը, թաթպանը ե՜ւ… գլխարկը, վզկապը, թաթպանը ե՜ւ ձիւնամա՛րդը… մե՜ծ գնդակ՝ ձիւնագնդակ… պզտի՛կ գնդակ՝ ձիւնագնդակ… պզտի՛կ կոճակ՝ […]

ըսէ այն ո՞վ է

տըմփի՛կ, տըմփի՛կ, այն ո՞վ  է… գլխուն վրայ գլխարկ մը կայ… գլխարկը կարմիր է, ըսէ այն ո՞վ է, լսէ այն ո՞վ է, դուռը կը թակէ… քիթին տակը մօրուք մը կայ… մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր է, կաղանդ պապուկն է, դուռը կը թակէ… ո՞ւր է նոյնը… միեւնոյն ծառը… ո՞ւր է նոյնը… միեւնոյն նուէրը…

րուրի րուրի

գարուն, ամառ, աշուն, շշշշ… ձմե՜ռ… մէկ ոչխար, երկու ոչխար, երեք ոչխար… երեքէն ետք, չո՛րսը կու գայ… մէկ ոչխար, երկու ոչխար, երեք ոչխար, չորս ոչխար… չորսէն ետք, գա՛յլը կու գայ… վա՜յ… ո՛չ, ո՛չ, չորսէն ետք, քո՛ւնս կու գայ… անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ, բո՛ւրդ բո՛ւրդ վերմակին տակ… լուսի՛ն, լուսի՛ն, օրօրէ՜… փայլո՛ւն աստղիկ, օրօ՛ր երգէ… մուկը ծակը, ձուկը […]

գուլպայ կօշիկ

մէկ երկու, կը մեծնամ, երեք չորս, կը կարդամ, հինգ վեց, կը խաղամ, եօթը ութը, կը խնդամ… մէկ երկու երեք չորս հինգ հի՛նգ մատիկ, ա՛ջ թաթիկ… մէկ երկու երեք չորս հինգ հի՛նգ մատիկ, ձա՛խ թաթիկ… ունի՛մ, ունի՛մ, երկո՛ւ թաթիկ, տա՛սը մատիկ… ունի՛մ, ունի՛մ, երկո՛ւ տոտիկ… չունի՛մ, չունի՛մ, գուլպայ կօշիկ… բոպիկ տոտիկ՝ տո՛փ տոփիկ… երկո՛ւ թաթիկ՝ ծա՛փ […]

հտպիտը

այն ո՞վ է… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստա՛կ… հտպիտը մէյ մը ուրախ, մէյ մը տխուր… մէյ մը կը խնդա՜յ, մէյ մը կու լա՜յ… հտպիտին գլուխը մէկ դէպի վար, մէկ դէպի վեր… ե՜ւ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը չի՛կ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը […]