մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Զատիկ է

Զատկուան խաղ Մեր հաւուկը խատուտիկ է, գոյն գոյն հաւկիթ ածեր է… Այսօր մեզի կարմիր, կանանչ, Զատիկ է… Կարմիր հաւկիթը կը գլորի, կանանչ հաւկիթը կը պտտի… Այսօր մեզի երգով խաղով, կարմիր, կանանչ, Զատիկ է… Մաման չէօրէք թխեր է, պապան փիլաւ եփեր է… Այսօր մեզի համով հոտով, երգով խաղով, կարմիր, կանանչ, Զատիկ է…

Սուրբ Սարգիս

խաղալ փետրուարին, Սուրբ Սարգիսի տօնին Ալնի՜ս բալնիս, հաւատամ Սուրբ Սարգիս, սպիտակ ձի ունիս, անո΄ւնը ըսէ նշանածիս… Սագօ… Սագօ կամ Կարօ… Սագօ, Կարօ… Կարօ կամ Խաչօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ… Խաչօ կամ Մկօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ, Մկօ… Մկօ կամ Պետօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ, Մկօ, Պետօօօօ՜, պըճինկօ΄… յ․գ․ Կարելի է խաղալ նաեւ տարբեր անուններով՝ Ռուբէն… Ռուբէն կամ Գուրգէն… […]

Մայրիկին գրտնակը

տօնական խաղ Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, փեսան կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ անուշ, թերթանուշ, անուշ անուշ, հազար անուշ… Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, հարսը կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ անուշ, […]

Հարիսա

խաղալ փետրուարին՝ Վարդանանքին Ձեռք ձեռքի, ձեռք ձեռքի, կաթսան բերենք, կրակը վառենք… Ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, կարագը, ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, կարագը եւ շերեփը… Հարէ΄, հարէ հարիսա՜… Հարէ΄, հարէ հարիսա՜… Հարէ΄, հարէ, յոգնեցա՜յ… Հարէ΄, հարէ, յոգնեցա՜յ… Կերա՜յ, կերայ հարիսա՜… Կերա՜յ, կերայ հարիսա՜… Մէ՛կ պնակ, աւելի՜… Երկո՛ւ […]

Տօն տօն է

Ամանորի խաղ Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, մեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, ձեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, դռները կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, կաղին նուշ […]

Անտիտղոս հերոսներ

Անտիտղոս հերոսներ՝ անժամանակ, որոնց կը հանդիպինք մի՛շտ, այստեղ կամ այնտեղ՝ ամենուրէք, ո՛ւր որ ենք…

Թագաւորը եւ թագուհին

Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին… Պալատական խաղ մը, որ կը պատահի ու կը կրկնուի, ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին… Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընթերցողը պիտի ստանայ թագաւորին թագը, […]

Կիրակոսը

Կիրակոսը՝ դպրոցին հետ հազար ու մէկ հարց ու հանգոյց, հազար հարց ու մէկ հանգոյց ունեցող աշակերտը… Կիրակոսը՝ ներաշխարհով հարուստ այն տղան, որ ընթերցողը իր հետը պիտի փոխադրէ, դպրոցէն հեռո՜ւ, երեխային մօտիկ, ժպիտով լի մոլորակ մը…

Սիրանուշ

Տնակ մը, ուր նո՛յն օրը կը կրկնուի, նո՛յն ապուրը կ՚եփի, սակայն գիշերը, բի՜ւր երազներ կը հիւսուին… Սիրանուշ՝ երազներու աշխարհը հսկող, մղձաւանջները հեռո՜ւ քշող, գրոց բրոց վհուկը, որ տնակին ժամացոյցին թըխկոցով՝ թը՛խկ չըխկ կշռոյթով, պիտի ներառնէ ընթերցողը անտրամաբանական աշխարհի մը մէջ, անվերջ պտտուող շուրջպարով…