Սկսիլ
Նախապէս գրուած իբրեւ զեկուցում Մովսէս Խորենացի Պատմութիւն Հայոցի ստեղծումին 1600 ամեակին, աշխատութեան հիմնական հարցադրութիւնը կը վերաբերի ծագումն ու սկիզբը գրելու ձեռնարկին։ «Երկրորդ Սկիզբը» լոյս տեսած «Կամ»ի մէջ թիւ 1/7 (2020) հարցը կը տեղափոխէ ԺԹ դարու Մխիթարեան հայրերու հիմնահարցին, դիւցազներգութեան ծիրին մէջ։ Թէ ինչո՞ւ պէտք է սկիզբը ըսել ու գրել, ահա անշրջանցելի հրամայականը։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 […]
Երկլեզու ցանցը
Նախ գրուած որպէս մուտք Ֆրանսահայ գրականութիւն աշխատութեան հայերէն տարբերակին (Երեւան, 2017) այս էջերը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն գրական երկլեզուութիւնը թարգմանական ընդհանուր տարածքին հունին մէջ։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Հրապարակներ
Ընդմէջ գեղարուեստական արձակին եւ փորձագրութեան-էսսէին, այս անտիպ գրութիւնը, որոշ «երեւութաբանական մօտեցումով» կը սեւեռէ «հրապարակը» որպէս քաղաքային տարածք եւ գոյութեան բնավայր։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի
Ս. Փարաճանովի ստեղծած հմայքը մղած է հեղինակը գրելու հատորի հիմնական էսսէն, նախ՝ ֆրանսերէն 2006ին։ Ներկայ հայերէն տարբերակը ի հարկէ նոյնը չէ առանց բոլորովին տարբեր ըլլալու։ Մուտքի անտիպ էջերը պատրաստուած են յատուկ այս հրատարակութեանհամար։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու […]
Մէջ ընդ մէջ
Հատորը կազմող երեք գրութիւնները հրապարակային խօսքառումներ են, ծնած պարագայական դէպքերէ եւ սեւեռող աւելի մնայուն խնդիրներ. «Աղէտի լեզուն» եւ գրական փորձառութիւնը։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Ընթերցումին ընդերքը
Գրական քննադատութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Մարտի մէջ, Անթիլիաս, 1997։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Կշռական հատում
Գրութիւնը տպուած է իբրեւ յառաջաբան Մանտրաներ ամբողջական հատորին։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Ինքնութիւն – Սփիւռք
Աշխատութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Սփիւռքի հայու ինքնութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Ղազարաւան
Այս գեղարուեստական արձակը Հայաստանի Աշտարակ քաղաքի մօտիկ գիւղի մը կը վերաբերի։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Անաւարտութիւն
Այս գրութիւնը կը վերաբերի արուեստի գործերու աւարտի եւ անաւարտի խնդիրներուն։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։