զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Աղուոր բաներ
    Բառերու, գրականութեան եւ խօսքերու համացանցային էջեր
    «Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում

    «Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։

    Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութենէն, ինչպէս նաեւ, համաշխարհային խնդիրներէ, շօշափելով օրինակ՝ կիներու իրաւունքներու հարցը։

    Կայքէջին նիւթերուն մէկ մասը արդիւնքն են հետեւողներու առաջարկութիւններուն։ Այլ նիւթեր կը պատրաստուին «Աղուոր բաներ» ծրագիրի կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցներու ընթացքին։ Ծրագիրը ունի նաեւ իմակով տարածուող ամսաթերթ մը, որու միջոցաւ կը նպատակադրէ հասնիլ հասարակական ցանցեր չգործածող հանրութեան:

    «Աղուոր բաներ» ծրագիրը օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։