զատած էք՝

Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները
Մանկական տեսերիզներու շարք
«Աչխփուկ, պահուըտուք, փսփսուք, փնտռտուք եւ հանելուկ… գոց դուռ... երբ բացուի աղմուկը կը սկսի...»։
«Ոսկի արեւը կը փայլի, ամպէն անձրեւ կը կաթկթի, երկինքին մէջ ծիածա΄ն մը կը ծնի, ծիրանի՛ գօտի… հիանալի՜… հրաշալի՜…»։
«Երկո՛ւ գծիկներ, մէկը՝ ուղղահայեաց, միւսը՝ հորիզոնական, դարձան քիթ ու բերան... ապա՝ թել թել մազեր, երկա՜ր մազեր...»։
Իւրաքանչիւրը 4-5 վայրկեան տեւող այս տեսերիզներուն հերոսները յաճախ զարմանալի անուններով կերպարներ են, որ կը պատմեն խաղով, խօսքով, երգով եւ կշռոյթով ճոխ ու երեխաներուն առօրեայէն մեկնող պատմութիւններ՝ յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։
Տեսերիզները կարելի է դիտել, առանձին, ինչպէս նաեւ խումբով։ Երկու պարագաներուն համար ալ նոյնքան հաճելի։
Տեսերիզներուն պատրաստութիւնը օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Փոքրիկ
Հէքիաթներու աշխարհ

Զարդիս մատենաշար
Մանկապատանեկան մատենաշար
