զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Հայերէնի գիրքս
    Նախակրթարանի դասագիրքերու շարք
    Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ

    Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ կեանքին, բան մը, որ աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ դասը աշակերտին համար։

    Շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի երրորդ դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Իւրաքանչիւր դաս կը բաղկանայ ընթերցանութեան բաժինէ մը, որուն կը հետեւի հարցումներու բաժին մը, ապա խաղ մը, յաճախ՝ բառերու եւ տառերու շուրջ խաղեր։

    Գիրքերուն էջերը նաեւ կը պարունակեն հետաքրքրական վարժութիւններ եւ աշխատանքներ, ոչ միշտ սահմանափակուած դասային նպատակներու։ Այս վարժութիւնները երբեմն գծագրութիւն մը կ՚առաջարկեն, երբեմն հանելուկներ եւ շուտասելուկներ կը յայտնուին էջերու տուփիկներուն մէջ։ Կան նաեւ խաչբառեր, բառարաններ եւ ամենէն կարեւորը, միշտ պատկերազարդ, գոյնզգոյն, նկարներն ալ՝ յաճախ գծուած երեխաներու ձեռքով։ Բոլոր գիրքերուն վերջաւորութեան տեղադրուած է եռալեզու բառարան մը՝ հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն։

    Հակառակ որ այս գիրքերու հրատարակութենէն ասդին տարիներ անցած են, անոնք կը մնան կարեւոր աղբիւր ուսուցիչներուն եւ մանկավարժներուն համար, որոնք կրնան պեղել այս հարիւրաւոր էջերու վրայ երկարող գանձարանը։