զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Լոռի Թաշճեան
    Հրատարակութեան թուական՝ 2022
    Էջերու քանակ՝ 64

    Պէյրութի հայանուն փողոցները
    Ուսումնասիրութիւն
    *«Սահակեան» փողոց 1923-էն 1933 տարիներուն, Պէյրութի հայկական գաղթակայանին մէջ կը գործէր «Սահակեան» վարժարանը, որ անուանուած էր այդ տարիներու Կիլիկիոյ

    «Սահակեան» փողոց
    1923-էն 1933 տարիներուն, Պէյրութի հայկական գաղթակայանին մէջ կը գործէր «Սահակեան» վարժարանը, որ անուանուած էր այդ տարիներու Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ.-ի անունով: 30 Յունուար 1933-ին, մեծ հրդեհ մը մոխիրի կը վերածէ գաղթակայանը՝ իր փայտեայ վարժարանով եւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցիով: Հրդեհէն երեք օր ետք, լիբանանցի Պայտա ընտանիքը, 1914-1918 տարիներուն իր սեփական հողին վրայ գերմանական բանակին կողմէ կառուցուած երկու մեծ սրահները կը տրամադրէ օրուան տեղի թաղականութեան, որ որոշ նորոգութիւններ կատարելէ ետք, զանոնք կ'օգտագործէ իբրեւ դպրոց՝ վերանուանելով «Սահակեան» վարժարան: Վարժարանը այս վայրին մէջ կը շարունակէ գործել, մինչեւ 1974 թուական:
    Այս վարժարանի փողոցը, որ կը գտնուի «Նոր Հաճըն» թաղի հարեւանութեամբ, կ'անուանուի «Սահակեան» փողոց:

    «Պէյրութի հայանուն փողոցները» ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սփիւռքի ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Պէյրութի փողոցները, որոնք հայկական անուն կը կրեն կամ կրած են մօտիկ պատմութեան մէջ։ Պարզապէս անուանումները ներկայացնելէն աւելի, ուսումնասիրութիւնը տալով այս անուանումներուն պատմականը, նաեւ կը ներկայացնէ փողոցներուն հասարակական պատմութիւնը, ձեւով մը ներկայացուցած ըլլալով ամբողջ գաղութին պատմութիւնը։

    Օժտուած մեծ քանակութեամբ հին եւ նոր նկարներով եւ քարտէսներով, աշխատութիւնը կարեւոր օրինակ մըն է Սփիւռքեան գաղութի մը միքրօ-պատմութեան։

    «Պէյրութի հայանուն փողոցները» հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։